Դամասկոսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու նոր յուշարձան կը կառուցուի (տեսանիւթ)
Դամասկոսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յուշարձան պիտի կանգնեցուի` Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հովանիի ներքոյ:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` յուշարձանը պիտի կառուցուի վերջերս «Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներու» անուանակոչուած հրապարակին վրայ` Պապ Շարքի թաղամասին մէջ: Կառուցուելիք յուշարձանին մօտ տեղադրուած ցուցանակի վրայ երկու լեզուով` հայերէն եւ արաբերէն, նշուած է. «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշար Հաֆեզ ալ Ասատի հովանիի ներքոյ եւ ի նշանաւորում Հայոց
ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Դամասկոսի քաղաքապետ Պըշր Սաապան զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան Սրբոց նահատակաց յուշարձանի հիմնաքարը` օրհնութեամբ Դամասկոսի երեք հայ համայնքապետերու: Կիրակի, 26 Ապրիլ 2015»: Սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը տեսանիւթ եւ լուսանկարներ հրապարակած է Դամասկոսի մէջ Ապրիլ 26-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշարձանի հիմնաքարի տեղադրուելու վերաբերեալ:
Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակի միւս յուշարձանը կը գտնուի Հայ Առաքելական Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ:
Հիմնաքարի տեղադրման արարողութեան ներկայ գտնուած են Սուրիոյ հայ նախարար Նազիրա Սարգիսը, Դամասկոսի քրիստոնեայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ղեկավարներ, խորհրդարանի պատգամաւորներ, իսլամական կրօնի ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլադեան:
Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան կոչ ուղղած է աշխարհի երկիրներուն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտելու զայն իբրեւ մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւն: Ան նաեւ Թուրքիայէն պահանջած է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, որ իրագործած են օսմանցիները: Անդրադառնալով Սուրիոյ` ան նշած է, որ այն դարձած է հայերու համար ապաստան ու փրկութեան վայր: Սրբազան Հայրն իր շնորհակալութիւնը յայտնած է Դամասկոսի բոլոր եկեղեցիներուն, որոնց զանգերը Ապրիլ 23-ին ղօղանջած են հարիւր անգամ` ի նշան զօրակցութեան:
Աւելի վաղ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին, Դամասկոսի քաղաքապետարանը որոշում կայացուցած է մայրաքաղաքի հրապարակներէն մեկը անուանել «Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու» հրապարակ, որ կը գտնուի Հին Դամասկոսի մէջ` քրիստոնէական Պապ Շարքի թաղամասին մէջ, Հայ առաքելական Սբ Սարգիս եկեղեցւոյ մերձակայքը: