Պեռլինի մէջ բողոքի ցոյց եւ երթ՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին

Ապրիլ 25-ին, ժ.14:00-ին Պեռլինի մէջ` Կանսլերի նստավայրի դիմաց, Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ գերմանահայոց թեմը եւ Գերմանահայկական միութիւնը համատեղ կ’իրակացնեն բողոքի ցոյց` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան  100-րդ տարելիցին: Գերմանիոյ հայ համայնքի կոչը պիտի ուղղուի Գերմանիոյ իշխանութիւններուն` ճանչնալու եւ դատապարտելու 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը:

Ապա ցուցարարները բողոքի երթով պիտի շարժին դէպի Բրանտենպուրկեան դարպասներ:

Երթը կ’եզրափակուի հանրահաւաքով:

Գերմանահայ համայնքի կողմէն ստեղծուած կոմիտէն հաստատած է իր կարգախօս-պահանջը` “յիշէ՛, միացի՛ր, պահանջէ՛”:

Կոմիտէն հայութեան կոչ կ’ընէ համախմբել ներուժը եւ մասնակցիլ Պեռլինի մէջ կայանալիք ցոյցին:

Scroll Up