Աւարտեց Օտարագիր Հայ Գրողներու «Համաշխարհայնացում Եւ Ազգային Ինքնութիւն» Խորագիրով 5-րդ Համաժողովը
Յուլիս 14-ին Ծաղկաձորի մէջ` Գրողներու ստեղծագործական տան մէջ իր աշխատանքները աւարտեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան համատեղ կազմակերպած Օտարագիր հայ գրողներու «Համաշխարհայնացում եւ ազգային ինքնութիւն» խորագիրով 5-րդ համաժողովը, որուն կը մասնակցէին գրողներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:
Համաժողովի ամփոփիչ նիստէն առաջ մասնակիցները դիտեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 4-ամեայ գործունէութեան նուիրուած շարժանկարը:
Ամփոփիչ նիստը կը վարէին ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Կարապետեանն ու Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը:
ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Կարապետեանը նշեց, որ համաժողովը անցաւ արդիւնաւէտ քննարկումներու մթնոլորտի մէջ: Շնորհակալութիւն յայտնելով համաժողովի մասնակիցներուն` փոխնախարարը կարեւոր համարեց օտարագիր գրողներու դերը. «Եթէ օտարագիր գրականութիւնը համեմատենք հայագիր գրականութեան հետ, ապա այն աւելի մեծ քաղաքական արժէք ունի: Հայալեզու գրականութիւն կարդում են հիմնականում հայերը, իսկ ձեր միջոցով օտարները ճանաչում են մեր ժողովրդին, նրա պատմութիւնը, ծանօթանում մեր ժողովրդի խնդիրներին: Դուք այդ ամէնն անում էք մեծ նուիրումով, ինչի համար շնորհակալ ու երախտապարտ ենք ձեզ»:
Համաժողովի աշխատանքները ամփոփեց Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան:
«Համաժողովը կայացաւ եւ լուծեց իր առջեւ դրուած խնդիրները: Այս օրերուն ընթացքին մենք ունեցանք ինքնադրսեւորուելու, ինքնաարտայայտուելու հնարաւորութիւն:
Ամենակարեւորը անձնական, գրական հանդիպումներն էին, որ հնարաւորութիւն ունեցանք իրականացնելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի գրողներու միջեւ:
Ըստ մեր տեսիլքներուն եւ պատկերացումներուն` կրցանք քննարկումներու միջոցով վեր հանել մեր մտահոգութիւնները, եւ իբրեւ յետագայ արդիւնք, լաւագոյն զեկոյցները կը փորձենք Սփիւռքի նախարարութեան հետ ամփոփել մէկ ժողովածուի մէջ:
Յաջորդ կարեւոր առանձնայատկութիւնը այն էր, որ շփումը մեզ հնարաւորութիւն տուաւ ծանօթանալու օտարագիր հեղինակներու լաւագոյն գործերուն, որոնք պետպատուերի, հովանաւորներու օգնութեամբ կը փորձենք թարգմանել եւ տպագրել:
Գրողներու միութիւնը Համաշխարհային հայկական քոնկրէսին հետ համատեղ կ’իրականացնէ «21-րդ դարու հայը» ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը, ուր մենք այսուհետ կը փորձենք ներառել օտարագիր գրողներուն նուիրուած անուանակարգ»:
Լեւոն Անանեանը խօսեցաւ նաեւ ապագայ ծրագիրներու եւ յաջորդ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու մասին եւ օտարագիր գրողներուն մաղթեց ստեղծագործական նոր ձեռքբերումներ:
Ամփոփիչ նիստէն ետք համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Էջմիածին, ուր օտարագիր գրողներուն ընդունեց Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նախագահ, Մայր Աթոռի լուսարարապետ Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը:
Յովնան եպիսկոպոսը իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց լեզուի դերը ինքնութեան պահպանման գործին մէջ եւ օտարագիր գրողներուն կոչ ըրաւ գրելու այնպիսի ստեղծագործութիւններ, որոնցմով մենք պիտի հպարտանանք, ինչպէս հպարտենք այսօր, օրինակ` Նարեկացիով ու «Մատեան ողբերգութեան» քերթուածով:
Հանդիպման վերջաւորութեան Յովնան եպիսկոպոսը պատասխանեց ներկաներու հարցերուն:
Այնուհետեւ օտարագիր գրողները մեկնեցան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ դրին Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, որմէ ետք այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:
Օտարագիր գրողները եղան նաեւ Սեւանայ լիճ եւ Նորատուս:
Յուլիս 15-ին, կը նախատեսուի համաժողովի մասնակիցներու հանդիպումը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ: