ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց «Կոմիտաս Վարդապետ» Փառատօնի Մասնակիցները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/IMG_7044.jpg)
Հոկտեմբեր 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց սեպտեմբեր 26-էն հոկտեմբեր 3 Հայաստանի մէջ ընթացող «Կոմիտաս վարդապետ» Փառատօնի մասնակիցները:
Ողջունելով ներկաները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար եւ նշեց, որ անոնց տաղանդի շնորհիւ դրուեցան «Կոմիտաս վարդապետ» փառատօնի հիմքերը:
Մասնակիցները նախարարին հետ քննարկեցին փառատօնին առնչուող հարցեր, այդ թիւին` յաջորդ տարիներուն փառատօնի շարունակական ըլլալուն եւ կազմակերպչական այլ հարցեր:
Հանդիպման աւարտին «Կոմիտաս վարդապետ» փառատօնի մասնակիցները Հրանոյշ Յակոբեանին յանձնեցին յուշանուէրներ: