Ֆրանսայի Դեսպանը Կը Յստակացնէ Ցեղասպանութեան Մասին Իր Կատարած Խնդրայարոյց Պնդումը
Միացեալ Նահանգներու մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժերար Առօ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանին ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեանին դիմելով՝ յստակացուցած է այս շաբթուան սկիզբը ամերիկեան «MSNBC» կայանէն տրուած հարցազրոյցին ընթացքին իր կատարած խնդրայարոյց պնդումը, որ կ՛առնչուէր Հայկական Ցեղասպանութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզը»:
Դեսպանը նախ հաստատած է, թէ Ֆրանսա արդէն իսկ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ շեշտած է, թէ իր անձնական կարծիքով՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը կը հանդիսանայ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, յոյս յայտնելով, որ իր այս հաստատումները կրնան վերացնել այն կասկածները, թէ իր նախկին յայտարարութեամբ ինք փորձած է ձեւով մը արդարացնել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները։
Արդարեւ, պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ինչպէս կ՛արտօնէ հակաիսլամ հրահրիչ երգիծանկարներու հրապարակումը, մինչ Հրէական Ողջակիզումը եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները կը պատժէ՝ դեսպանը նշեալ կայանէն յայտարարած էր, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատժելու օրէնք չկայ Ֆրանսայի մէջ եւ թէ նման օրէնք մը կայ միայն Հրէական Ողջակիզման պարագային, «որովհետեւ այդ մէկը կարծիք մը չէ եւ Ողջակիզումը տեղի ունեցա՛ծ է։ Հետեւաբար, երբ կ՛ըսէք, որ Ողջակիզում չէ եղած, դուք կարծիք չէք յայտներ, ատիկա փաստ է։ Բացի Ողջակիզումէն՝ ամէն ինչ թոյլատրուած է։ Ի հարկէ, եթէ չկայ զրպարտութիւն ոեւէ անձի դէմ»։
Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, բողոքի ալիք մը բարձրացած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համացանցային ընկերային ցանցերուն վրայ՝ պահանջելով դեսպանէն, որ յստակացնէ այս անպատասխանատու յայտարարութիւնը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան վարիչ Էլիզապէթ Չուլճեան ողջունած է դեսպանին յստակացումը՝ նշելով, որ Ֆրանսա ազդեցիկ դեր ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ ջանքերուն դէմ դնելու աշխատանքին մէջ։
«Նուվել տ՛Արմէնի»ն իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը բողոքի նամակ մը յղած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսին՝ Ֆրանսայի դեսպանին կատարած նշեալ յայտարարութեան առնչութեամբ։