Հայ կինը ամէնուր է, ուր կայ հայութիւն, Հայաստան ու հայկականութիւն . Հրանոյշ Յակոբեան

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքը՝ «Հայ կինը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ» գիտաժողովին

 Յարգելի՛ բարեկամներ,

Ուրախ եմ ձեզ ողջունելու Սփիւռքի նախարարութենէն ներս, ուրախ եմ, որ մենք ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան հետ որոշեցինք գումարել նման համաժողով եւ կարծեմ` խորհուրդ կայ այն իրողութեան մէջ որ այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին` հայ կանայք հաւաքուած են համատեղ քննարկելու հայ կնոջ դերը Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ անկէ ետք: Բոլորիս քաջ յայտնի է, որ հայ կինը հայ ընտանիքի հիմքն է, հիմնասիւնն է, այն տաճարը, որուն վրայ կը կառուցուի հայկականութիւնը:

 Հայութիւնը կը հիմնուի չորս զօրաւոր հիմնասիւներու վրայ. անիկա հայ ընտանիքն է, հայ դպրութիւնն ու հայոց լեզուն, հայ մշակոյթը, հայ հաւատքը:  Եւ այս կարեւորագոյն սիւներու հիմքի մէջ շաղախուած է հայ կնոջ կերպարը, անոր ինքնազոհութիւնը, նուիրումը իր ընտանիքին, իր ազգին, իր հայրենիքին: Այդպէս է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս:

 Եւ, եթէ մենք քննենք թէ ո՛վ է հայ կինը, ապա կրնանք ըսել, որ հայ կինը ըլլալով փոքրիկ մասնիկ մը աշխարհի մէջ ապրող կանանց, մնացածներէն կը տարբերի նախ եւ առաջ իր ընտանիքին անսահման նուիրուածութեամբ: Եւ ցաւօք սրտի, հայ կինը ստիպուած եղած է կրելու հայոց պատմութեան ծանրագոյն բեռը, անցած պատմութեան տարբեր հանգրուաններով:

 Հայ կինն էր, որ հայրենիքի համար մղուող պայքարի առաջամարտիկներէն ու քաջամարտիկներէն եղած է` Վարդանանց պատերազմէն մինչեւ Սարդարապատ, ֆիտայական շարժումէն մինչեւ Արցախեան պատերազմը, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան պայքարէն մինչեւ այսօրուան Հայաստանի կառուցումը:

 Հայ կինը ամէնուր է, ուր կայ հայութիւն, Հայաստան ու հայկականութիւն: Եւ ցաւօք սրտի, հայ կինը պատմութեան ընթացքին կրեց այն սարսափներն ու տառապանքը, որով անցաւ մեր ժողովուրդը: Եւ պատմութեան տարբեր հոլովոյթներու մէջ ան մարտնչեց, պայքարեցաւ ու ապրեցաւ:

 Եւ զարմանալի չէ, որ հայ ժողովուրդի դժուար պատմութեան ընթացքին հայ կինը աւելի տառապեցաւ, քան հայ տղամարդը: Որովհետեւ մենք ոչ միայն հայրենիք կորսնցուցինք, ոչ միայն 1.5 միլիոն զոհ տուինք, ոչ միայն մեր եկեղեցիները, մեր դպրոցներն ու մշակութային յուշարձանները կորսնցուցինք, այլեւ այնպիսի բարոյական, ֆիզիքական տառապանքներու ենթարկուեցանք, որ ուղղակի աննկարագրելի է: Եթէ հայ տղամարդը կը տանէին եւ անմիջապէս բանակ կը քշէին կամ սպաննէին, ապա կը փորձէին բռնաբարել, գերիվարել, կը փորձէին մահմետականացնել հայ կինը կամ ամուսնանալ անոր հետ: Եւ այդ տարիներուն հայ կինը սարսափելի, զարհուրելի տառապանքներու ենթարկուեցաւ: Եղած են տարածքներ, որ երբ թուքերը փորձած են տեղահան անել, կանայք որոշած են ողջ գիւղով մեռնիլ, բայց տեղահան չըլլալ: Եղած են գիւղեր, ուր կանայք նոյնիսկ մահաբեր դեղեր խմած են, որպէսզի թուրքերու ձեռքը չիյնան: Եղած   են դէպքեր, երբ շատ մայրեր, իրենց աղջնակներու ձեռքը բռնած բարձունքներէն վար նետուած են անդունդները կամ Եփրատի ալիքներու մէջ, որպէսզի չիյնան թուրքերու ձեռքը: Եղած են նաեւ դէպքեր, երբ մայրը ստիպուած եղած է իր զաւակներէն մէկը յանձնել ենիչերիներուն, որպէսզի  միւս զաւակը ծարաւէն չմեռնի եւ կարենայ ջուր խմել: Եւ, եթէ մենք դիտարկենք կամ դասակարգենք  այս բոլորը, ապա կը տեսնենք, որ կային ուրիշ սարսափելի տառապանքներ, որոնք հայ կնոջ համար կրկնակի ցաւ էին. հայ կինը կը  մահմետականացնէին, կ’ենթարկէին բռնի ամուսնութեան, ստրկացման:

 Եթէ նոյնիսկ 1909 թուականին ընդհանրապէս վերացած էր գերութիւնը, սակայն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ սկսաւ գործել հայ գերիներու  վաճառքի շուկայ:Անոնք 7-8 տարեկան երեխաները կը վաճառէին մի քանի ղրուշով, 15-16 տարեկան աղջնակները կը վաճառէին մի քանի արծաթով, աւելի գեղեցիկ կամ հարուստ ընտանիքներու կանանց կը վաճառէին զինուորականներուն կամ բարձրաստիճան զինուորականներուն: Եւ մահմետականացման սարսափներու մէջէն անցնող հայ կինը փաստօրէն կ’ապրէր կենդանի ցեղասպանութիւն. ան տառապեցաւ, ատամները սեղմեց, դաջուեցաւ: Եւ այդ դաջուածքները, որ թուք կանանց վրայ կը դնէին որպէս պտղաբերութեան կամ գեղեցկութեան խորհրդանիշ, ապա հայ կանանց վրայ կը դրուէր իբրեւ խարան: Մինչեւ այսօր ալ այդ տառապանքներու գինը մենք կը զգանք մեր մաշկի վրայ: Մինչդեռ Թուրքիան կը փորձէ հակադրուիլ, ժխտել այդ բոլորը:

 Եւ փառք ու պատիւ այն միսիոներներուն, ովքեր ոչ միայն որբահաւաք կազմակերպեցին եւ փրկեցին հայ կանանց գերութիւնէն ու ստրկութենէն, այլեւ պայմաններ ստեղծեցին, որ անոնք գոյատեւեն:

 Թուրքը չկրցաւ իրականութիւն դարձնել իր երազանքը: Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերը տարածուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ, վերընձիւղուեցան, զարգացան եւ զօրացան: Փառք ու պատիւ նաեւ ԱՄՆ նախագահին, ով այդ ժամանակ ստեղծեց հայերու օգնութեան հիմնադրամը, որ յետագային դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան հիմնադրամ, եւ անոր միջոցներով բացուեցան տասնեակ ու տասնեակ որբանոցներ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յունաստանի, Եւրոպայի, Ամերիկայի, եւ նոյնիսկ` Հայաստանի մէջ: Այդ օգնութեան շնորհիւ հնարաւոր եղաւ Թուրքիայէն 132 հազար կին ու որբուկ տեղափոխել Ամերիկա եւ զբաղիլ անոնց խնդիրներով: Դանիացի միսիոներուհի Քարէն Եփփէն, համագործակցելով արաբական աշիրաթներու առաջնորդներու հետ, մինչեւ 1928 թ. իսլամ գերողներէն կրցաւ փրկել 2000 հայ կին եւ երեխայ: Անոր օգնութեամբ  շարք մը վայրերու մէջ հիմնուեցան այրիանոցներ, ուր ապաստան գտան դաժան չարչարանքներու զոհ դարձած բազմաթիւ հայ կանայք: Ի երախտագիտութիւն մեծ մարդասերի, սուրիահայ համայնքը իր դպրոցներէն մէկը կոչեց անոր անունով:

 1915-1920 թթ. Ամերիկայի մէջ չկար տուն մը, որ ճաշէն առաջ աղօթելու ժամանակ չըսեր` “յիշէ սոված մնացած հայերը”: Անոց օգնութեան շնորհիւ էր, որ սկսան գործել հայկական բազմաթիւ կ’առոյցներ:

 Ուրեմն ինչպէ՞ս մենք այսօր շնորհակալութիւն չըսենք անոնց:

 Յարգելի ներկաներ, այսօր ես չեմ կրնար չյիշել երկու տաղանդաւոր, հզօր հայ կանայք.

 Զապէլ Եսայեան անուն-ազգանունը յայտնի է բոլորիս: Ան ոչ միայն տաղանդաւոր գրող էր, այլեւ հայ կնոջ իրաւունքներու պաշտպանը: Ան, իբրեւ հայկական ազգային պատուիրակութեան նշանակովի քննիչ, մասնակցութիւն ունեցած է Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին եւ իր ելոյթի մէջ ներկայացուցած է բոլոր այն սարսափները, որոնց մէջէն անցած էր հայ կինը: Անոր զուգահեռ Զապէլ Եսայեան կը նշէ նաեւ, որ հայ կինը եղած է նաեւ դիմադրողական շարժումներու մասնակից` ունենալով բարոյական բարձր մակարդակ, քաջութիւն ու ոգի, դարեր շարունակ մեծ դեր կատարելով քրիստոնէական հաւատքը, հայկական ինքնութիւնն ու քաղաքակրթութիւնն անխափան պահելու գործի մէջ:

 Զապէլ Եսայեանի ելոյթը հայանպաստ ազդեցութիւն ձգեց Ֆրանսայի հանրային կարծիքի վրայ:

 Չեմ կրնար նաեւ փառք ու պատիւ չըսել մեր Դիանա Աբգարին, որ 1918-20 թթ. ըլլալով Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիւպատոսը Ճաբոնի մէջ, ոչ միայն իր գործունէութիւնն կ’իրականացնէր` Հայաստան պետութիւնը ներկայացնելով Ճաբոնի մէջ, այլ նաեւ այնտեղ հասած մեր հայ կանանց, գաղթականներուն, կրնար փաստաթուղթաւորել, կրնար օգնել: Կ’ըսէին` անոր գրասենեակը դարձած էր հայ գաղթականներու ընդունման կեդրոն, իսկ անոր բնակարանը` հայ գաղթականներու հիւրանոց, եւ ան կրնար այդ ամէն ինչը ընել եւ մերինները մինչեւ Ամերիկա հասցնել: Կ’ուզեմ ըսել, որ, իրօք, գտնուեցան բարեգութներ, բարեսէր մարդիկ, գտնուեցան օտարներ, յատկապէս օտարներուն շնորհակալութիւն, որովհետեւ անոնք էին, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցան մեր պատմութեան ամենաողբերգական եւ ամենատրամատիկ պահերուն:

Թուրքը չկրցաւ իր երազանքը իրականութիւն դարձնել: Ան, փաստօրէն, կ’ուզէր տեսնել մէկ հայ, եւ այն ալ թանգարանի մէջ, սակայն մոխիրներէն հրաշքով փրկուած հայ ժողովուրդի բեկորները հաստատուեցան նախեւառաջ Արաբական աշխարհի մէջ, ապա տարածուեցան ամբողջ աշխարհի տարբեր տարածքներու մէջ, եւ ազգը  վերընձիւղուեցաւ, ազգը վերակենդանացաւ, ազգը շտկեց իր եղեռնահար ողնաշարը եւ սկսաւ ապրիլ, սկսաւ ապրիլ` ի հեճուկս Թուրքիոյ, սկսաւ պայքարիլ, կառուցել, ստեղծել, կրթուիլ, զարգանալ եւ այսօր մենք հպարտութեամբ  կ’ըսենք, որ արդէն 21-րդ դարու ծեծուած, սոված, ջարդուած, անկարող հայերը չենք, մենք 21-րդ դարու  հզօր, ուժեղ, կարող, կազմակերպուած, գրագէտ, պահանջատէր հայերն ենք, զորս այլեւս Թուրքիան չի կրնար գլխատել: Եթէ ան փորձէ լռեցնել Հայաստանը, ապա կը խօսի Ռուսաստանը, Ռուսաստանը լեռցնէ` կը խօսի Եւրոպան, Եւրոպան` կը խօսի Ամերիկան: Հասած է ժամանակը, որ Թուրքիան ինքնիրեն պատասխան, հաշիւ տայ, որ միեւնոյնն է, ինքը պարտաւոր է ընդունելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ ինքը պարտաւոր է ընդունելու պատմութիւնը, որ ինքը պարտաւոր է զբաղելու հետեւանքներու վերացման հարցերով:

 Սիրելի՛ քոյրեր, 3 հարցի վրայ ես կ’ուզէի ուշադրութիւն դարձնել. մենք շատ կը խօսինք եւ անընդհատ կը յիշենք 1895-23 թթ.` այդ ամենաողբերգական ժամանակահատուածը, եւ անընդհատ կ’ըսենք, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը այսպիսի յանցագործութիւն կատարած է մարդկութեան դէմ, որ անպայման պէտք է պատասխան տայ կամ այսօրուան իրաւայաջորդը պէտք է ճանչնայ եւ ընդունի: Ես կը կարծեմ` այսօրուայ Թուրքիայէն եւս մենք պահանջելու բան ունինք, որովհետեւ, եթէ այսօր Հայրենիքիս սահմանները փակ են, եթէ միլիառաւոր տոլարներու վնաս կը հասցուի մեր տնտեսութեան եւ Հայաստանի մէջ մարդիկ աղքատ կ’ապրին` անոր  մէջ Թուրքիան է մեղաւոր, եւ ինքը պէտք է պատասխան տայ:

 Երկրորդ` Թուրքիան պէտք է պատասխան տայ Սփիւռքին, որովհետեւ, եթէ այսօր աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ ապրող սփիւռքահայը իր ժամանակը, իր միջոցները, իր ֆինանսները, իր հանգիստը կը ներդնէ պայքարելու արդարութեան վերականգնման համար, ի՛ր պապերու, ի՛ր իրաւունքներու վերականգնման համար, ո՞ր կրնայ չափել անոր այդ տառապանքներու գինը, այն հոգեկան իրավիճակի գինը, որ կ’ապրի հայ մարդը, հայ ժողովուրդը Հայրենիքէն հեռու:

 Եւ, վերջապէս, այսօրուան Թուրքիան, կարծեմ պատասխան պէտք է տայ այն 2,5-3 միլիոն իսլամացած հայերու համար, ովքեր կ’ապրին Թուքիոյ մէջ եւ 100 տարի վախցած են բարձրաձայնել իրենց ինքնութեան, իրենց հայկական արմատներու մասին: Անոնք առաւօտէն մինչ 18.00-ը ապրած են իբրեւ թուրք, իսկ 18,00-էն ետք` ապրած են իբրեւ հայ: Այսօր ալ անոնցմէ շատեր դեռ կ’ապրին այդ երկկենցաղ կեանքով, որովհետեւ կը վախնան: Եւ Թուրքիան պէտք է պատասխան տայ նաեւ այդ վախի ու տառապանքի համար: Եւ փառք ու պատիւ նաեւ այն խիզախ հայերուն, ովքեր այսօր Թուրքիոյ մէջ յայտարարած են իրենց հայ ըլլալու մասին, կու գան եւ կը մկրտուին, կու գան եւ կ’ուզեն հայերէն սորվիլ: Այսօր մենք ունինք Տիարպեքիրէն` Տիգրանակերտէն, երկու երիտասարդ, ովքեր եկած են եւ մեր աջակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի մէջ հայերէն կը սորվին, որպէսզի վերադառնան Տիգրանակերտ եւ հայկական դպրոցներ բանան:

Այս օրերուն հայերը ոչ միայն Սթամպուլի մէջ, այլ նաեւ Զէյթունի, Տիարպեքիրի, Վանի, Կարսի, Ատանայի, Այնթափի եւ այլուր կը պատրաստուին Ապրիլ 24-ին ոգեկոչել Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Անիկա կը նշանակէ, որ որոշակի զարթօնք կայ: Ինչպէս կ’ըսեն` ճինը լապտերէն ելած է եւ Թուրքիան չի կրնար կանգնեցնել այս շարժումը:

 Եւ վերջապէս, ես չեմ կրնար չխօսիլ Ապրիլ 12-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցածի քաղաքական, , հոգեւոր, համաշխարհային, միջազգային նշանակութեան մասին: Հռոմի Պապը հզօրութիւն, մեծութիւն է, որ քաղաքական խիզախութիւն ունեցաւ յայտարարած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որ ոչ միայն բառեր շաղ տուաւ, այլ 1915-էն մինչեւ մեր օրերը գոյութիւն ունեցող փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան վրայ յենուելով` յայտարարութիւն ըրաւ: Ան աշխարհին դաս տուաւ, զգօնութեան կոչ ըրաւ եւ այսօր աշխարհի մէջ չի գտնուիր կաթոլիկ մը, որ հակառակը պնդէ: Ինչքան որ Էրտողանը կեղծ յայտարարութիւններ ընէ, այնքան ան կը փոքրանայ, աւելի կը նսեմանայ, որովհետեւ Հռոմի Պապը կը մնայ Հռոմի Պապ: Ես այնտեղ նստած կը հպարտանայի, որ երկու քոյր եկեղեցիները այսպէս ներդաշնակօրէն կրնան հոգեպարար, հոգեցունց պատարագ մատուցել: Ըլլալով պահպանողական եկեղեցի`  մատուցուեցաւ պատարագ մը, որուն նմանը չէր տեսած Սուրբ Պետրոսի տաճարի պատերը: Եւ այդ պահպանողական աւանդոյթները խախտուեցան ու միացան հայկականութեան հետ, հայկական խօսքի, հայկական աղօթքի, հայկական տուտուկի հետ: Անով նաեւ ցոյց տրուեցաւ, թէ ինչպիսին է հայ ժողովուրդը: Սա գնահատական էր դարաւոր հայ ժողովուրդին, գնահատական էր Նարեկացիին, զոր դասելով տիեզերական վարդապետներու շարքին` Պապը յայտարարեց, որ հայ ժողովուրդը ինչպիսի քաղաքակրթութեան կրող է, որ նոյնիսկ, 10-11 դար առաջ ապրած  նարեկացի Աստուածաբանը այսօր արդիական է: Եւ  ան քրիստոնէական ընտանիքի հիմնադիր դարձաւ եւ այսուհետեւ բոլոր եկեղեցիները պէտք է զբաղուին անոր ուսմունքով: Սա նոյնպէս մեր ժողովուրդի տաղանդի, հանճարի գնահատականն է: Կարծեմ, որ մեր պատմութեան մէջ կը մնայ նաեւ Ապրիլ 23-ը, երբ մեր եկեղեցին սրբադասէ Ցեղասպանութեան  մէկուկէս միլիոն զոհերը, եւ անոնց հոգիները վերջապէս կը հանգստանան: Անով նաեւ մենք մեր հոգիի պարտքը կը մատուցենք մեր անմեղ զոհերուն:

 Սիրելի՛ բարեկամներ, այս տարին կը դառնայ շրջադարձային Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման պայքարին: Եւ իւրաքանչիւր հայ ընելիք եւ ըսելիք ունի: Ահա թէ ինչո՛ւ, սիրելի քոյրեր, որ ես դիմեցի Սփիւռքի մէջ ապրող մեր երիտասարդներուն` հետեւեալ յորդորով, հետեւեալ կոչով. կ’ուզես կարեւոր բան մը, ճշգրիտ գործ մը ընել Ցեղասպանութեան 100-րդ տարին, ուրեմն` հայերէն սորվի՛ր, հայերէն խօսի՛ր, մի՛ կորսնցներ մայրենին: Եթէ մենք կորսնցնենք մեր հաւատքն ու լեզուն` մեզմէ հայ չի մնար: Իսկ հայկականութեան պաշտպանը դուք էք Սփիւռքի մէջ: Դուք էք որ ձեր երեխաներուն կը ստիպէք հայերէն խօսիլ, Հայաստան գալ, հայօրէն ապրել:

Եւ ես կ’ուզեմ իմ ելոյթս աւարտել մեծն Գարեգին Նժդեհի խօսքերով. “Մայրերու ափն մէջ պէտք է փնտռել ազգե­րու ճակատագիրը”: Ուրեմն, շարունակեցէք ձեր մեծ ու ազգանպաստ գործը:

Scroll Up