«Պարգեւէ’ Ուրախ Ամանոր» Խորագիրով Ծրագիրի Ծիրէն Ներս «Փլէյ-Սիթի» Զուարճանքներու Կեդրոնին Մէջ Կայացաւ Ամանորեայ Տօնական Ձեռնարկ Եւ Հիւրասիրութիւն
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, «Հայերն այսօր» Ելեկտոոնային պարբերականի նախաձեռնութեամբ եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ իրականացուեցաւ «Պարգեւէ’ ուրախ Ամանոր» խորագիրով ծրագիրը:
Դեկտեմբեր 24-ին ծրագիրի վերջին փուլին սուրիահայ երեխաներուն հիւրընկալեց «Փլէյ-Սիթի» զուարճանքներու կեդրոնը: Մասնակիցներուն համար կազմակերպուած էր ամանորեայ տօնական ձեռնարկ եւ հիւրասիրութիւն:
Սուրիահայ մանուկներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն օրհնանքի խօսքը բերաւ Հայր Իսահակ Վարդապետ Պօղոսեան եւ ողջունեց ծրագիրի կազմակերպիչները:
Ողջունելով մանուկներն ու ձեռնարկի մասնակիցները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան խաղաղութիւն մաղթեց գալիք 2015 թուականին եւ խաղաղ մանկութիւն` բոլոր հայ մանուկներուն:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց «Փլէյ-Սիթի» զուարճանքներու կեդրոնի տնօրէն Արմէն Նազարէթեանին, հիւրասիրութեան կազմակերպման աջակցած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, ծրագիրին հովանաւորած Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան, «Ուըրլտ Վիժն Հայաստան» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան, «Սէյվ տը չիլտրըն ինթերնէյշնլ» միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան, Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան (AIWA), Հայ-ամերիկեան առողջութեան կեդրոնին, Հայ կանանց առողջութեան պահպանման ընկերակցութեան, «Ինեկոբանկ» ՓԲԸ-ին, «ООО «Российско-армянская дружба» եւ «Global Media Lab» ընկերութիւններուն, «Ֆրանք Միւլլեր Երեւան Ուոչ Տիսթրիպիւշն» ՓԲԸ-ին, ինչպէս նաեւ բոլոր անհատ բարերարներուն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան եւ «Հայերն այսօր» եկեկտրոնային թերթի գլխաւոր խմբագիր Նայիրի Մկրտչեանին` սուրիահայ եւ ուքրանահայ մանուկներու Ամանորը անկրկնելի դարձնելու գործին մէջ ներդրած ջանքերուն համար:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան խորհրդանշական նուէրներ յանձնեց ծրագիրին մասնակից տարիքով ամենափոքր` 3 ամսական Գրիգոր Տունկեանին եւ ամենամեծ` 14-ամեայ Սասուն Յակոբեանին:
Նախարարը, շնորհաւորելով ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քրիստոֆ Ֆրիետերիկ Օտտօ Պիերուիրթի ծննդեան տարեդարձը, նշեց, որ գրասենեակի աւանդը մեծ է Հայաստան ժամանած սուրիահայերու խնդիրներուն հետ կապուած Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն աջակցելու գործին մէջ:
Շնորհակալական ելոյթով հանդէս եկաւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Լենա Հալաճեան:
Ձեռնարկին աւարտին «Փլէյ-Սիթի» զուարճանքներու կեդրոնի լարախաղացները հանդէս եկան համերգային ծրագիրով: