Հին Հալէպը Կրկին Կը Հրթիռակոծուի
Հին Հալէպի շրջանը ինչպէս միշտ բախումներու, հրասանդերու եւ զանազան հրթիռաձգութեան կեդրոն է: Հետեւաբար, այդ շրջանը գտնուող Ազգ. Առաջնորդարանը, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին եւ անոր մօտ այլ շրջաններ եւս ինքնաբերաբար թիրախ են հրթիռներու: Այս մասին կը յայտնէ perionews-ը։
Դեկտեմբեր 9-ի առաւօտէան 8:15-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէն հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ ոսկերիչներու շուկան` “Ֆարհաթ” հրապարակը:
Մեծ տակարէ պատրաստուած հրթիռը ինկաւ եւ պայթեցաւ շէնքի մը վրայ, որուն վերջին յարկը հայու բնակարան է, իսկ մնացեալը հայ ոսկերիչներու ընկերակցութիւն: Բարեբախտաբար վնասը միայն նիւթական էր:
Նշենք, որ պայթումին պատճառով վնասուեցան շէնքին շրջակայքը գտնուող Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը, հրապարակը գտնուող եկեղեցիները, բնակարաններն ու խանութները: Նշենք, որ շրջանէն մեծ թիւով հայեր աւելի ապահով շրջաններ տեղափոխուած են: