Արչի Կալենցն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յուլիս 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց նկարիչ, «Կալենց» մշակութային հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Արչի Կալենցը: Ան կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ Պեռլինի, Մոսկուայի, Երեւանի մէջ:

Ողջունելով հայազգի արուեստագէտը` նախարարը կարեւոր համարեց հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման ուղղուած անոր ազգասիրական գործունէութիւնը համայնքին եւ Հայրենիքին մէջ: Մասնաւորապէս անդրադառնալով  յայտնի արուեստագէտին վերջին ցուցահանդէսներուն, որոնք իւրօրինակ հարթակ են հայ արուեստագէտներուն Եւրոպայի մէջ ճանաչելի դարձնելու համար:

Քննարկուեցան Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման, երիտասարդներու հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ գործակցութեան աշխուժացման: Անդրադարձան նաեւ «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս Արցախի արուեստագէտներու վերջերս կազմակերպած ցուցահանդէսին եւ գերմանահայերու միութեան Արցախին տրամադրած օգնութեան:

Արչի Կալենց շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, նշեց որ Հայաստանի մէջ մշակութային կեանքը հարուստ է կարեւոր եւ նշանակալի իրադարձութիւններով: Նշեց, որ յուլիս 7-ին Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ կը բացուի իր` «Ժամանակացոյց. խուսափելով աղէտէն» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսը, որ պիտի տեւէ մինչեւ յուլիս 16: «Նախագիծը` ցուցադրութիւն-զետեղում է, ներկայացուած իր զարգացման ընթացքին մէջ: Պիտի ցուցադրուի իմ ստեղծագործութեան վերջին 13 տարիներու արդիւնքը, ինչպէս նաեւ նոր աշխատանքներ` գործեր-«Դրօշներ», որոնք ստեղծուած են յատուկ այս ցուցահանդէսին համար` կոչ ընելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի ստեղծագործող հանրութեան միաւորուելու անկախ ընկերակցութեան ներքոյ, որ հնարաւորութիւն կու տայ հայկական արուեստի միասնական հարթակ ունենալու»,- աւելցուց ան:

Scroll Up