«Համոզուած Եմ, Որ Մեր Աշխարհասփիւռ Երիտասարդ Մասնագէտները Յետագային Պիտի Փորձեն Առաջին Հերթին Ներդրում Ընել Իրենց Հայրենիքին Մէջ». Նարինէ Գրիգորեան
«Հայաստան. ստեղծենք միասին» երիտասարդական համահայկական համաժողովի ծիրէն ներս «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած է «Բժշկութիւն եւ առողջապահութիւն» աշխատանքային խումբին հետ աշխատող, «Վարդանանաց» նորարարական բժշկական կեդրոնի տնօրէնի առաջին տեղակալ, մանկաբոյժ Նարինէ Գրիգորեանի հետ:
–Տիկի՛ն Գրիգորեան, ինչու՞ հէնց Ձեր կեդրոնին մէջ որոշուեցաւ իրականացնել այս երիտասարդական համաժողովի գործնական աշխատանքները. դու՞ք առաջարկած էք, թէ՞ ձե՛զի առաջարկած են:
-Թող անհամեստ չհնչէ, սակայն պէտք է ըսեմ, որ մեր կեդրոնը յաճախ կը մասնակցի նման ծրագիրներու: Մեր կեդրոնի դռները միշտ բաց են նման ձեռնարկներու համար, սիրով կ’ընդունենք բժշկագիտութեան մէջ տեղի ունեցող նորարարական ծրագիրներու, նորամուծութիւններու շուրջ տարուող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, մանաւանդ, եթէ ատոր մէջ ներգրաւուած են արտերկիր ուսանող, ապրող մեր հայորդիները: Ի նպաստ Հայրենիքին համար եղած որեւէ նախաձեռնութիւն կ’ողջունենք եւ հնարաւորինս կ’աջակցինք:
–Քանի՞ մասնակից պիտի աշխատի կեդրոնին մէջ:
-Աշխատանքային խումբը բաժնուած է երեք մասի. մէկ խումբը պիտի աշխատի Գարգարի ազգաբնակչութեան հետ, միւս խումբը միշտ պիտի աշխատի «Վարդանանց» կեդրոնին մէջ եւ պիտի մշակէ Գարգարէն ստացուող տեղեկատուութիւնը: Չորս օր շարունակ Գարգար գտնուող խումբը կ’ուսումնասիրէ տեղի բնակիչներու ունեցած առողջական խնդիրները, կ’արձանագրէ անոնց, հաւաքուած տուեալները կը փոխանցէ կեդրոն աշխատող խումբին: Գարգարի մէջ աշխատող երիտասարդները հէ՛նց բժշկագիտութիւն ուսումնասիրողներն են. այդ խումբին մէջ ներգրաւուած են թէ՛ Հայաստանի մէջ ուսանող, թէ՛ արտերկրէ եկած ուսանողներ:
–Ինչպէ՞ս կը ստանաք Գարգարէն ուղարկուող տեղեկատուութիւնը, հաղորդակցման ո՞ր միջոցը ընտրած էք:
-Մենք անոնց համար պատրաստած ենք յատուկ ծրագիր, ըստ որուն, անոնք համակարիչի մէջ ներբեռնելով տուեալները, կը փոխանցեն մեզի:
–Տիկի՛ն Նարինէ, ո՞րն է ծրագիրի` Գարգարի մէջ նման աշխատանք կատարելու միտումը:
-Գաղափարն այն է, որ մարզերու մէջ եւս զարգացնենք մարզային բժշկական կեդրոնները, որպէսզի մարդը կարենայ իր բնակավայրին մէջ ստանալ բժշկական լիարժէք ծառայութիւն: Տուեալները պաշտպանուած կապով ( որպէսզի յանկարծ ոեւէ մէկը չկարենայ գաղտնի բժշկական տուեալներու շտեմարան ներթափանցել) կ’ուղարկեն մեզի եւ եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, մեր բժիշկները առցանց խորհրդատուութիւն կ’իրականացնեն հիւանդին հետ: Եթէ պարզուի, որ անհրաժեշտ է որեւէ հետազօտութիւն, որ պէտք է կատարուի Վանաձորի կամ Ստեփանաւանի մէջ, մենք այդ բժշկական կեդրոններուն միջոցով կ’իրականացնենք, եթէ ըլլան պարագաներ, որոնք միայն Երեւանի մէջ կարելի է իրագործել, ապա կը կազմակերպենք մեր մայրաքաղաքին մէջ:
–Սա կարելի՞ է համարել ոչ միայն երիտասարդական համաժողով, այլեւ` ուսումնական գործնական փորձառութիւն:
-Ի հարկէ՛, գործնական աշխատանք, որ ուղղուած է Գարգարի ազգաբնակչութեան հիւանդացութեան ցուցանիշներու նուազման, այսինքն` բժշկական լուրջ գործնական աշխատանք պիտի կատարուի. տարբեր պատճառներով շատերը բժիշկի չեն դիմած , կուտակած են ատոնք, յաճախ հասած բարդ վիճակներու, եւ հիմա ատոնք պէտք է բացայայտուին: Ըսեմ, որ ծրագիրի 3-րդ խումբն ալ ազգաբնակչութեան շատ հանրամատչելի կերպով պէտք է ներկայացնէ ճիշդ ապրելակերպի կարեւորութիւնը: Հայաստանի մէջ սիրտանօթային հիւանդութիւններու ցուցանիշը բարձր է, մահացութիւնը այս պարագային 40% կը կազմէ, ուստի նախատեսուած է դասախօսութիւններ կարդալ ճիշդ սննդակարգի, վնասակար սովորոյթներէ ձերբազատուելու( ալքոհոլի չարաշահում, ծխել, անկանոն սնուիլ) թեմաներով: Կը թուի, թէ այդպիսի բնութեան գիրկը ապրող մարդիկ պէտք է մաքուր սնունդ օգտագործեն, առողջ ըլլան, սակայն ատիկա այդպէս չէ. հարկաւոր է նաեւ գրագէտ սնուիլ, ճիշդ մշակել օգտագործուող սնունդը:
–Նման ձեռնարկներէ լաւ արդիւնքներու ակնկալիք ունի՞ք:
-Բնականաբար, անոնց հետաքրքրուածութիւնը, ոգեւորութիւնը, պատրաստակամութիւնը լաւ արդիւնքներու ակնկալիք կը ներշնչեն: Համոզուած եմ, որ անոնցմէ շատերը յետագային անպայման իրենց մասնագիտութեան ծիրէն ներս պիտի փորձեն առաջին հերթին ներդրումներ ընել Հայրենիքի մէջ:
Լաւատեսական այս խօսքերով ալ կ’աւարտեմ զրոյցս Նարինէ Գրիգորեանի հետ` մաղթելով համատեղ աշխատանքի նշանակալի եւ տպաւորիչ արդիւնքներ:
Կարինէ Աւագեան