«Միշտ Մնայ Այդքան Գեղեցիկ Ու Ամուր, Իմ Հայաստա՛ն».Արիտունցիներ

ՀՀ  սփիւռքի  նախարարութեան «Արի տուն-2016» ծրագիրի երկրորդ փուլի մասնակից սփիւռքահայ հայորդիները «Հայերն այսօր»-ին փոխանցած են իրենց կարծիքներն ու տպաւորութիւնները Հայաստանի մասին:

 «Ես  –  Ողջո՛յն,  իմ գեղեցիկ Հայաստա՛ն:

 Հայաստան– Ողջո՛յն, ինչո՞վ  պարտական եմ, քու այդ գեղեցիկ այցին:

Ես– Ես եկած եմ օտար երկրէ, որպէսզի վայելեմ քու  անսահման գեղեցկութիւնդ:

Հայաստան– Շատ մեծ պատիւ է ինծի համար, աղջի՛կս:

Ես– Հայաստա՛նս, ինչու՞  ես դուն այդքան թախծոտ:

Հայաստան– Ես միայն ներսէն եմ այդպէս թախծոտ, ատիկա իմ պատմութեան  դաջուածքն է,  իսկ իրականութեան մէջ ես հզօր եմ եւ արարող:

Ես– Հայաստա՛ն,  ես քեզմով շատ հպարտ եմ եւ այնչափ ուրախ, որ հայ ե՛մ»- այսպիսի փոքրիկ երկխօսութեամբ մը իր սէրն ու ջերմութիւնը արտայայտած է Թուրքիայէն եկած Սեդա Սաֆարեանը:

 «Երկար տարիներ է,  որ կը ճանչնամ Հայաստանը: Ցաւօք,  Հայաստանի մէջ չեմ բնակիր, բայց այնչափ շատ կը սիրեմ Հայաստանը . այն իմ տունն է:  հիանալի է` տարիներ անց կրկին գալ Հայաստան, զգալ Հայրենիքի շունչը, խմել սառնորակ,  անուշ ջուրը,  հայերէնով խօսակցութիւններ լսել… Կը սիրեմ Հայաստանի թէ՛ լաւ , թէ՛ վատ կողմերը: Իմ կարծիքովս ես եւ իմ բոլոր ընկերներս շատ բախտաւոր ենք, որ հնարաւորութիւն ունեցանք գալու Հայաստան, շրջելու,  լիանալու ու հիանալու մեր երկրով: Յոյսով եմ, որ տարիներ յետոյ դարձեալ կու գամ եւ արդէն կը մնամ ու կ’ապրիմ իմ տան մէջ»- ասոնք,  դարձեալ Թուրքիայէն,  Գայեանէ Ալոյանի   յուզումնառատ խօսքերն են:

« Բարեւ՛, Հայաստան` իմ շատ սիրելի ընկեր, իմ հարազատ: Հինգ տարի անց ես այցելեցի քեզ: Շատ  կարօտցած էի, միշտ կը ձգտէի քեզի տեսնել,  ըլլալ  քու քաղաքներուդ ու գիւղերուդ մէջ, տեսարժան վայրերուդ, վայելել  քու ամառն ու քու ոսկեգոյն , քաղցրահամ ծիրանը: Երազանքս կատարուեցաւ:  Դուն շատ գեղեցիկ ես, բայց որոշ  մարդիկ իրենց պահուածքով կը փորձեն քեզի տգեղցնել, թոյլ մի՛ տար եւ մնայ՛ միշտ այդքան գեղեցիկ ու ամուր, միշտ այդքան պայծառ, լուսաւոր, իմ լաւ՛ ընկեր»,- այս սրտագին բաղձանքով կ’աւարտէ իր  խօսքը Թուրքիայէն եկած  Աննա Իւանեան:

 Յուսանք, որ անոնց մեծ ու չմարող կարօտը Հայրենիքի հանդէպ օր մը  դէպի Հայրենիք բերող վերադարձի   ճամփայ կը դառնայ:

Գէորգ  Չիչեան

Scroll Up