«Ժամ Առաջ Կը Շտապեմ Տեսնել Իմ Հայրենիքիս Տեսարժան Վայրերը». Լիլիթ Առաքէլեան

Յունիս 20-ին մեկնարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչողական   «Արի տուն-2016» ծրագիրի  2-րդ փուլը, որուն մասնակիցներէն  քանի մը հոգիի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:

Նարեկ-Սեւակ Տետէյեան, Հունգարիա, Պուտապեշտ

-Ես եկած եմ Պուտապեշտէն,  հետս եկած է նաեւ մայրս, որ Հունգարիայէն եկած խումբի ղեկավարն է: Շատ ուրախ եմ, որ Հայաստան եկած եմ, կը կարծեմ` շատ լաւ օրեր պէտք է անցնեմ եւ շատ լաւ ընկերներ  ձեռք բերեմ:  Միշտ կը հարցնէի մօրս, թէ երբ պէտք է երթանք Հայաստան: Վերջապէս այստեղ եմ, վերջապէս ցանկութիւնս իրագործուեցաւ: Թո՛ղ մայրս շարունակէ խօսքը, ան շատ աւելի լաւ կը խօսի:

IMG_4074

Սօսէ Սուսանեան, Հունգարիա, Պուտապեշտի խումբի ղեկավար

-Այո՛, տղաս ճիշդ կ’ըսէ, որովհետեւ ես բանասէր եմ, կրթութիւնս ստացած եմ Երեւանի մէջ: Սուրիահայ եմ, 2003-ին գացած եմ Պուտապեշտ եւ այնտեղ ամուսնացած եմ  Պուտապեշտի մէջ  շատոնց  հաստատուած սուրիահայու հետ: Ես սերտօրէն կապուած եմ հայկական համայնքին հետ. Պուտապեշտի մէջ լոյս ընծայուող  «Արմէնիա» հայալեզու թերթի խմբագիրն եմ  եւ տեղի ազգային ռատիոյի տնօրէնը: Պուտապեշտի հեռուստատեսութեամբ հնարաւորութիւն ունինք  ամիսը 10 վայրկեանով հայերէնով  հաղորդումներ հեռարձակելու: Ես ալ շատ  կը կարօտնամ Հայրենիքս: Համալսարանը աւարտելէ յետոյ մօտ 20 տարի չէի եկած Հայաստան: 2013-ին, երբ ծնողներս Սուրիայէն եկան, մենք  ալ եկանք շրջագայելու: Այդ այցէն յետոյ Նարեկը անընդհատ կը հարցնէր, թէ երբ կրկին պիտի գանք Հայաստան: Հիմա այս գեղեցիկ ու կարեւոր ծրագիրի ծիրէն ներս եկած  ենք Հայրենիք. Նարեկիս երազանքը իրականութիւն դարձած է: Հունգարիայէն եկած մեր խումբի երեխաներուն ուրախութեանը չափ ու սահման չկայ. Հայաստան գալն ու «Արի  տուն» ծրագիրին մասնակցիլը անոնց համար իւրօրինակ տօնախմբութիւն է:

Քրիստինէ Փոլատեան, ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 18 տարեկան

-Ես այս ծրագիրի մասին լսած եմ մեր ծանօթներէն. անոնց  տպաւորութիւնները  Հայաստանի ու այս ծրագիրին մասին ինծի շատ ոգեւորեցին, որոշեցի անպայման մասնակցիլ: Իմ հայրիկս Երեւանի հայ է, մայրս` ամերիկուհի, ես ծնած եմ ԱՄՆ- ի մէջ , սակայն ինքզինքս լիարժէք հայուհի կը համարեմ, որովհետեւ կը խօսիմ հայերէն, կը սիրեմ Հայաստանը եւ ունիմ շատ հայ ընկերներ ու ընկերուհիներ: Մեր ընտանիքէն ներս հայերէնը չի մոռցուիր, որովհետեւ տատիկս ու պապիկս կը խօսին հայերէն: Չորս  տարի առաջ  եկած եմ Հայաստան եւ այնչափ կարօտցած էի. շատ կը սպասէի այս օրուան:

IMG_4077

Լիլիթ Առաքէլեան, ԱՄՆ,  Լոս Անճելըս,  17 տարեկան

-Ես ալ  4 տարի առաջ Քրիստինէին հետ եկած եմ Հայաստան: Ծնած եմ Ամերիկա, ծնողներս հայաստանցիներ են, մօտաւորապէս 20 տարի առաջ  տեղափոխուած են Ամերիկա: Մեր տան մէջ կը թագաւորէ արեւելահայերէնը, բոլորս իրար հետ կը հաղորդակցինք մայրենիով: Դեռեւս Նոյեմբեր ամիսէն գնած էինք ինքնաթիռի  տոմսերը եւ անհամբերութեամբ կը սպասէինք այն օրուան,  երբ ինքնաթիռը վայրէջք կը կատարէ  «Զուարթնոց» օդակայանը:

Տատիկս շատ հայրենասէր է,  շատ կը սիրէ Հայաստան, հրաշալի գիտէ Հայոց պատմութիւնը, հայերուն բաժին հասած դժուար ճակատագիրն ու  մեր պատմութեան հերոսական էջերը: Ան տան մէջ յաճախ կը խօսի հայ մշակոյթի, մեր մեծերուն մասին: Կը կարծեմ` այս օրերուն ես ալ ականատես կ’ըլլամ այն գեղեցկութիւններուն, որոնց մասին միշտ կը պատմէ տատիկս: Ես անհամբեր կը սպասեմ մեր ճամփորդութիւններուն, ժամ առաջ կ’ուզեմ տեսնել Հայաստանի տեսարժան վայրերը:

Մեր հայրենակիցներուն,  յիրաւի, կը սպասուին յիշարժան օրեր, որոնք, գուցէ եւ, յետագայի դառնան  դէպի Հայրենիք բերող  վերադարձի հիմնաքարերը:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up