Ռուսաստանի Հայ Երիտասարդները 20 Թոն Օգնութիւն Ուղարկած Են Արցախ

«Արցախ-Հայաստան մենք միասին ենք, մենք ուժեղ ենք». հէնց այս նշանաբանով ալ Ռուսաստանի հայերու երիտասարդական քանի մը կազմակերպութիւններ այս օրերուն նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էին` ի օգնութիւն Լեռնային Ղարաբաղի անկախ հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան: Այս մասին «Իրաւունք»ին տեղեկացուցած է Ռուսաստանի մէջ յայտնի հաղորդավարուհի Նայիրա Նիազեան:
Որպէս արդիւնք հասարակ քաղաքացիներու աշխուժութեան ու հայրենակիցներուն սատարելու պատրաստակամութեան շնորհիւ հաւաքուած է մօտ 20 թոն օգնութիւն, որ շուտով կը հասնի Արցախ: