Ինքնաշարժներու Հերթական Խմբաքանակը Նուիրաբերուած Է Պաշտպանութեան Բանակին

Գրասնոտարի երկրամասի Սոչի քաղաքի, Ատլերի, Խոսթայի եւ Լազարեւսկի շրջաններու հայ համայնքին կողմէ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակին  նուիրաբերուած է «Վազ» մակնիշի մարդատար եւ շտապօգնութեան 16 մեքենաներ: Այս մասին կը հաղորդէ artsakhpress.am-ը:

Այսօր Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ մեքենաները յանձնած է Սոչիի հայկական համայնքի ներկայացուցիչ Սամուէլ Զաքարեան:

Լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցին  Սամուէլ Զաքարեան նշած է, որ իրենք, Արցախի մէջ տեղի ունեցած ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասին տեղեկանալով, չէին կրնար անտարբեր ըլլալ իրենց հայրենիքին եւ հայրենակիցներուն նկատմամբ: «Շատ արագ որոշեցինք. պէտք է որեւէ կերպ օգնենք մեր հայրենակիցներուն: Հայկական մեր համայնքը շատ աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերեց. այս ամէնը նախնական մեր նուիրատուութիւնն է Արցախին: Մենք միշտ պիտի ըլլանք հետեւողական: Եկած ենք անձամբ տեսնելու, թէ ինչ բանի կարիք կայ այստեղ, որպէսզի կարենանք համապատասխան գործունէութիւն ցուցաբերենք,-իրենց կատարած աշխատանքին մասին մանրամասն խօսած է Ս. Զաքարեան եւ ընդգծած,-հայ համայնքը անհրաժեշտութեան պարագային մարդկային պաշարներով ալ  պատրաստ  է կանգնելու Արցախի կողքին»:

«Մենք կոչ կ’ընենք մեր հայրենակիցներուն ու կը խնդրենք, որ բոլորը հետեւին մեր օրինակին. միասին տէր կանգնինք մեր երկրին ու արդար պահանջին: Սոչիի հայութեան կողմէ մեր խոնարհումը բոլոր այն մայրերուն, որոնք զաւակներ  կորսնցուցին: Կորստեան այս ցաւը բոլորիսն է, եւ մեր սրտերուն մէջ այն կը մնայ, որպէս չսպիացող վէրք: Բայց ընենք ամէն ինչ, որ մեր հերոս նահատակներու փրկած հայրենիքը մնայ անսասան, հզօր ու յաղթանակած»,-աւելցուցած է Ս. Զաքարեան:

Նուիրատուութեան կազմակերպիչներուն եւ Սոչիի հայ համայնքին ԼՂՀ կառավարութեան եւ Արցախի ողջ ժողովուրդին կողմէ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան:

«Անկեղծօրէն պէտք է խոստովանիմ, որ մեր հայրենակիցները, ապրելով արտերկրի մէջ, այս օրերուն ցուցաբերած են միասնականութիւն, Արցախին սատարելու պատրաստակամութիւն: Այս օրերուն արտերկրէն Արցախին ոչ միայն մեքենաներ կը նուիրաբերեն, այլեւ ժողովուրդի ու առանձին անհատներու կողմէ կը ցուցաբերուի ֆինանսական օգնութիւն,-ըսած է Ա. Աղաբեկեան եւ աւելցուցած,-Սոչիի մեր հայրենակիցներու բերած նուիրատուութիւնը կարեւոր դեր պիտի կատարէ մեր բանակի մարտունակութեան բարձրացման համար»:

 Պատասխանելով լրագրողի այն հարցին, թէ կառավարութեան կողմէ բացուած յատուկ հաշուեհամարին փոխանցուող ֆինանսական միջոցները ինչ նպատակով պիտի ծախսուին փոխվարչապետը պատասխանած է, որ այն վերապահուած է միայն ԼՂՀ ՊԲ-ին. այնտեղ լաւ գիտեն, թէ այդ գումարները բանակի որ կարիքներուն համար պէտք է օգտագործուի:

111

Scroll Up