ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Հիւրն Էր Ճափոնահայ Կամաւոր Մարի Գույումճեանը

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ճափոնահայ կամաւոր Մարի Գույումճեանը:

 Ջերմօրէն ողջունելով երիտասարդ հիւրը` նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Մարիի նման երիտասարդները կ’արժեւորեն իրենց հայկական ծագումը եւ կը փորձեն ճանչնալ ու սիրել իրենց ծնողներու տարբեր մշակոյթները, դառնալ ատոնց կրողը:

 Նախարարը իր հիացմունքը արտայայտեց` լսելով ճափոնական դիմագիծերով Մարի Գույումճեանի քաղցրահնչուն արեւմտահայերէնը եւ բարձր գնահատեց հայկական ու ճափոնական ընտանեկան աւանդոյթներու համադրութեամբ դաստիարակուած եւ հրաշալի կրթութիւն ստացած Մարի Գույումճեանի` ազգային արմատները ճանչնալու ջանքերը:

 Գանսայի միջազգային դպրոցի Միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի երկրորդ դասարանի ուսանող Մարիին Հայրենիքի ու ազգային ինքնութեան որոնումները լիբանանահայ հօր խորհուրդով արդէն երկրորդ անգամ բերած են Հայաստան: ՀՀ  սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ ան հիւրընկալուած է հայկական ընտանիքի մէջ, իսկ Հայ բարեգործական ընդհամնուր միութեան օգնութեամբ Մարի Գույումճեան կը մասնակցի տարաբնոյթ մարդասիրական ծրագիրներու, որոնք հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն ծանօթանալու հայ ժողովուրդի մշակոյթին, սովորոյթներուն ու կենցաղավարութեան, կատարելագործելու հայերէնի իմացութիւնը ու ձեռք բերելու ընկերներ:

 Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Մարին պատմեց իր տպաւորութիւններուն ու զգացողութիւններուն, ձեռք բերած գիտելիքներուն ու փորձին մասին եւ հաւաստիացուց, որ իր եղբայրը` Գէորգը, եւս կ’այցելէ Հայաստան եւ կը մասնակցի «Արի տուն» ծրագիրին: Ան նշեց, որ Հայաստանը իրեն անբացատրելի ուժով կը գրաւէ, եւ ինքը պարբերաբար պիտի այցելէ Հայրենիք` փորձելով հնարաւորինս նպաստել հայ եւ ճափոնցի ժողովուրդներու փոխճանաչողութեան ու բարեկամութեան ամրապնդման:

1 2

Scroll Up