ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կ’ամփոփէ. 2015-ի Համաժողովները Եւ Գիտաժողովները

Համահայկական մասնագիտական համաժողովներու ու միջազգային գիտաժողովներու կազմակերպումը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գերակայ խնդիրներէն է: Վերջիններուս միջոցով նախարարութիւնը կը փորձէ համախմբել հայկական ներուժը, վեր հանել համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներն ու գտնել ատոնց լուծման ուղիները:

2015 թուականին Սփիւռքի նախարարութիւնը կազմակերպած կամ նախաձեռնած է 4 միջազգային գիտաժողով, 4 համաժողով:

Թէեւ տարբեր հարցեր ու խնդիրներ արծարծուած են համաժողովներուն եւ գիտաժողովներուն ժամանակ, սակայն 2015 թուականը, որպէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակման տարի, իր դրոշմը  ձգած է նախարարութեան իրականացուցած ձեռնարկներուն, այս պարագային` համաժողովներուն եւ գիտաժողովներուն վրայ:

Առաջին միջազգային գիտաժողովը` «Մերձաւոր Արեւելքի հայ հոգեւորականութեան առաքելութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն» խորագիրով, տեղի  ունեցած է Ապրիլ 7-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի դահլիճին մէջ:

Գիտաժողովը իրականացուած  է ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հովանիի ներքոյ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ԳԱԱ արեւելագիտութեան ինստիտուտի նախաձեռնութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ,  հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան, «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի աջակցութեամբ: Ներկայ  եղած է շուրջ 70 մասնակից` 5 երկրէ:

Ցեղասպանության տարիներին Մերձավոր Արևելքի հայ հոգևորականության առաքելությունըՑեղասպանության տարիներին Մերձավոր Արևելքի հայ հոգևորականության առաքելությունը1

Գիտաժողովը անդրադարձած է 1915-1923 թթ. ցեղասպանութեան տարիներուն հայ հոգեւորական­նե­րու կրած տառապանքներուն, քրիստոնէական կոթողներու` եկեղեցիներու, վանքերու,  ձեռագիրներու անխնայ ոչնչացման:

Կարեւոր համարուած է հայ հոգեւորականութեան վիթխարի դերը ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներուն հայ որբերուն եւ գաղթականներուն ի մի բերելու, փրկելու,ապրելու հաւատքը արմատաւորելու գործին մէջ:

Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ կնոջ կրած տառապանքներուն, զրկանքներուն, բռնի իսլամացման, առեւանգումներուն, ինչպէս նաեւ անոր ինքնազոհութեան ու նուիրումին  անդրադարձած է «Հայ կինը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ» խորագիրով միջազգային գիտաժո­ղովը, որ իրականացուած է Ապրիլ 17-ին: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուած գիտաժողովին ներկայ  եղած են շուրջ 50 մասնակից` 17 երկրէ:

Հայ կինը Հայոց ցեղասպանության տարիներին և հետոգիտաժողով1

Գիտաժողովին կարեւոր համարուած է այն միսիոներներու դերը, որոնք որբահաւաքի միջոցով բազմաթիւ հայ կանանց  փրկած են գերութենէ ու ստրկութենէ եւ պայմաններ ստեղծած անոնց  յետագայ գոյատեւման համար:

Ապրիլ 22-23 Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի ծրագիրնե­րու ծիրէն ներս Երեւանի մէջ տեղի  ունեցած է «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային ժողովը:

Ժողովի ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի, ՀՀ ԳԱԱ փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան եւ իրաւունքի ինստիտուտի, ԵՊՀ իրաւագիտութեան բաժանմունքի, «Իրաւաբաններու համահայկական խորհրդաժո­ղով» համահայկական մասնագիտական կազմակերպութեան աջակցութ­յամբ` տեղի  ունեցած է նաեւ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատասխանատուութեան միջազգային իրաւական հիմնախնդիրները» միջազգային գիտաժողովը:

Ցեղասպանության հանցագործության կանխարգելման և պատասխանատվության միջազգային իրավական հիմնախնդիրները5 Ցեղասպանության հանցագործության կանխարգելման և պատասխանատվության միջազգային իրավական հիմնախնդիրները6

Գիտաժողովին մասնակցած են հայ եւ օտարազգի շուրջ 60 իրաւաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, ցեղասպանագէտներ` աշխարհի 14 երկրէ: Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը  բերած են նաեւ մասնագէտներ ՀՀ-էն եւ ԼՂՀ-էն:  Գիտաժողովը ընթացած է երեք նիստերով`

1.    «Ցեղասպանութիւններու համար պատասխանատուութեան անխուսափելիութ­եան ապահովման միջազգային իրաւական հիմնախնդիրները»

2.    «Ցեղասպանութիւններու կանխարգելման ապահովումը ժամանակակից միջազգային իրաւունքին մէջ»

3.   «Հայոց ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութեան ապահովման եւ հատուցման հիմնախնդիրները»:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ հետեւանքներու վերացումը ունի ազգային, քաղաքական, իրաւական, հոգեբանական, բարոյական, պատմական, քարոզչական հանգամանքներ, սակայն այն իրաւական լուծումներ կը պահանջէ, որ հնարաւոր է իրականացնել նաեւ հայ իրաւաբաններու օգնութեամբ եւ հետազօտութիւններով:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի, Սոցիալ Դեմոկրատական Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ` Յունիս 15-ին տեղի ունեցած է  Հնչակեան քսան գործիչներու նահատակութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը:

Հնչակյան քսան գործիչների նահատակության 100-րդ տարելիցին նվիրված միջազգային գիտաժողով Հնչակյան քսան գործիչների նահատակության 100-րդ տարելիցին նվիրված միջազգային գիտաժողով1

Գիտաժողովը, որուն մասնակցած է շուրջ 60 գործիչ` 3 երկրէ, անդրադարձած է հարիւր տարի առաջ կախաղան հանուած  հնչակեան 20 երիտասարդներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ 128-ամեայ Հնչակեան կուսակցութեան ձեռքբերումներուն: Կարեւոր համարուած է Հայաստանի անկախութեան համար նահատակուած հայ հերոսներու յիշատակը յաւերժացնելու գաղափարը:

Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի խնդիրները մօտ 100 տարի` դարձած են քննարկումներու առարկայ: Սակայն հայերէնի երկու ճիւղերու մերձեցման ուղղութեամբ առաջին գործնական քայլը «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» թեմայով համաժողովն է, որ տեղի  ունեցած է  Յուլիս 29-30` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Հր. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի նախաձեռնութեամբ:

Համաժողովի ընթացքին զեկոյցներով հանդէս եկած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի անուանի լեզուաբաններ, գրականագէտներ, ոլորտի այլ մասնագէտներ:

Արևմտահայերենի և արևելահայերենի մերձեցման խնդիրներ Արևմտահայերենի և արևելահայերենի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողով1

Խնդրի լուծման նպատակով յաջորդ քայլ  համարուած է երեք տարբեր յանձնախումբերու ստեղծումը, որոնք, օգտագործելով տեղեկատուական արդի հնարաւորութիւնները, պիտի աշխատին տարբեր եղանակներով (նիստերու հրաւիրում, քննարկումներու կազմակերպում, յօդուածներու հրապարակում, յատուկ առաջարկներու եւ խնդիրներու լուծման ուղիներու ներկայացում):

Սեպտեմբեր 11-12 տեղի ունեցած է Սրտաբաններու Եւրոկովկասեան 5-րդ համաժողովը: ՀՀ սփիւռքի, առողջապահութեան նախարարութիւններու եւ «Ակցիա առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուած համաժողովին մասնակցած են 50-է աւելի օտարազգի եւ սփիւռքահայ անուանի սրտաբաններ` Ֆրանսայէն, Մոնաքոյէն, Մեծ Բրիտանիայէն, Լիբանանէն, Ռուսաստանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն եւ շուրջ 200 մասնագէտ` Հայաստանէն ու Արցախէն:

Սրտաբանների Եվրակովկասյան 5-րդ համաժողովը3Սրտաբանների Եվրակովկասյան 5-րդ համաժողովը

Համաժողովի նպատակն էր նպաստել սրտաբանութեան ոլորտի զարգացման, աշխարհի հայ սրտաբաններու ներուժի համախմբման, Հայաստանի Հանրապետութեան, Սփիւռքի եւ Արցախի սրտաբաններու համագործակցութեան, մասնագիտական որակներու բարձրացման, կատարելագործման եւ անոնց միջեւ փորձի փոխանակման:

Հոկտեմբեր 5-7 120-է աւելի հայ եւ օտարազգի անուանի ճարտարապետներ աշխարհի շուրջ 16 երկրէ` ԱՄՆ, ԱՄԷ, Աւստրալիա, Արժանթին, Եգիպտոս, Թուրքիա, Իրան, Լաթվիա, Լիբանան, Յորդանան, Շուէտ, ՌԴ, Սուրիա, Վրաստան, Քաթար, Ֆրանսա, համախմբուած էին Երեւանի մէջ` մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան, Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան, ՀՀ Ճարտարապետներու միութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած Ճարտարապետներու համահայկական 3-րդ համաժողովին:

Ճարտարապետների համահայկական 3-րդ համաժողով1 Ճարտարապետների համահայկական 3-րդ համաժողով2

Համաժողովի ընթացքին կնքուած է Համաձայնութեան քառակողմ յուշագիր` Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան, ՀՀ ճարտարապետներու, շինարարներու միութեան, Հայաստանի Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան ազգային համալսարանին միջեւ:

«Ապագայ» խորագիրով երիտասարդական համահայկական երկրորդ համաժողովը տեղի  ունեցած է Նոյեմբեր 27-29:

Համաժողովի հիմնական նպատակներն էին` բացայայտել եւ համախմբել գիտութեան, իրաւունքի, քաղաքականութեան, լրագրութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, արուեստի, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայ աշխոյժ երիտասարդներու ներուժը եւ քննարկել անոնց կողմէ Հայաստանի մէջ զարգացման ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնը, նպաստել մայրենիի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման, դիմակայել երիտասարդներու ուծացման մարտահրաւէրներուն, ամրապնդել Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութիւնը եւ համայնք-համայնք կապերը:

Ապագա Ապագա2

Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համաժողովը իրականացուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Ռուսաստանի հայերու միութեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Նիժնի Նովկորոտի «Իմաստ» երիտասարդական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ: Մասնակցած են Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու շուրջ 70 ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:

Համաժողովի աւարտին ընդունուած է համատեղ յայտարարութիւն:

Scroll Up