Կ’ուզեմ Ապագաս Հայաստանի ՄԷջ Կառուցել. «Արի Տուն-2016» Ծրագիրի Մասնակից

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2016» ծրագիրի մասնակից, ՌԴ Քապարտինօ-Պալքարիայի հանրապետութեան Նալչիկ քաղաքին մէջ ապրող Նելլի Յովհաննիսեան «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին կը պատմէ իր երազանքներուն, ծրագիրէն ստացած տպաւորութիւններուն մասին.

«Չնայած կ’ապրինք Հայաստանէն բաւականին հեռու, սակայն կապը Հայրենիքի հետ չենք խզեր: Այդ հարցով մեզի շատ կ’օգնէ նորաստեղծ «Աղբիւր» հայկական համայնքը, ուր հայապահպանական տարբեր ծրագիրներ կը կազմակերպուին, հայկական տօները կը նշուին: Համայնքի գոյութիւնը կարեւոր է յատկապէս այն առումով,  որ չենք մոռնար հայերէնը: Մեր ընտանիքէն ներս նոյնպէս պարտադիր հայերէն կը խօսինք: Կը կարծեմ` իւրաքանչիւր հայ, ուր ալ ըլլայ` պարտաւոր է  մայրենիով խօսելու:

«Արի տուն»  ծրագիրին մասին տեղեկացուց համայնքի ղեկավար Արթուր Պօղոսեանը` խորհուրդ տալով անպայման մասնակցիլ: Իմանալով նման հնարաւորութեան մասին` սկսայ համացանցի միջոցով ուսումնասիրել ծրագիրը` պատկերաւոր տեղեկութիւններ ստանալու համար: Իբրեւ արդիւնք` միանգամէն որոշեցի «Արի տուն» գալ:

Անկեղծ ըսեմ` լաւ չէի տիրապետեր Հայոց պատմութեան, չէի գիտեր այցելածս վայրերու նշանակութեան մասին, բայց ծրագիրին միջոցով բոլոր բացթողումները  լրացուցի: Այս օրերուն ընթացքին շատ վայրերու մէջ  հասցուցած եմ ըլլալ, բոլորն ալ տպաւորիչ էին ու յիշարժան:

Յատկապէս տպաւորուած եմ Էջմիածին կատարած այցելութիւնէն. զարմացած եմ, թէ ինչպէս  Մայր Աթոռը մինչեւ հիմա կանգնուն կը մնայ եւ իր գեղեցկութեամբ կը հիացնէ բոլորս:

Հայաստան իր գեղատեսիլ բնութեամբ, տեսարժան վայրերով եւ համեղ ուտելիքներով` աշխարհի ամենալաւ երկրներէն մէկն է:

Մինչ այս` կարճատեւ ժամանակով  Հայաստան եկած էի եւ չէի հասցուցած ամբողջ վայրերով շրջագայել: Շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Հայրենիքս նորովի բացայայտելու եւ ճանչնալու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար:

Մենք հին ազգ ենք, դիմացած ենք շատ դժուարութիւններու: Կը ցանկամ, որ հայ ժողովուրդը պայծառ ապագայ ունենայ եւ ապրի խաղաղ երկնքի տակ, իսկ Արցախեան քառօրեայ պատերազմին նման օրեր` թո՛ղ այլեւս չկրկնուին: Շատ կը  տխրէի մեր զինուորներու մահուան լուրը լսելով, միաժամանակ` կը հպարտանայի, երբ կը կարդայի անոնց սխրանքներուն մասին:

«Արի տուն»  ծրագիրին մասնակցելով` այնքան կապուեցայ Հայաստանին, որ կը ցանկամ վերադառնալ եւ ուսումս այստեղ շարունակել: Կ’ուզեմ ապագաս Հայաստանի մէջ կառուցել»:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up