Սփիւռքի Նախարարութիւնը 7 Տարեկան է. ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը Շնորհաւորէ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/mindiaspora-logo.jpg)
2008 թուականի Հոկտեմբեր 1-ին Հայասատանի Հանրապետութեան կառավարութեան կազմին մէջ սկսաւ է գործել սփիւռքի նախարարությունը:
Ընդամէնը եօթը տարի անցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն եւ վստահօրէն կարելի է ըսել, որ ան կայացած ու շատ անհրաժեշտ կառոյց է։
Կարճ ժամանակի ընթացքին նախարարութիւնը՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, կրցաւ ճանչնալ Սփիւռքը իր բազմաբնոյթ շերտերով ու բարդ կառուցուածքով, ապա համագործակցութեան եզրեր գտնելով համախմբեց տարակարծիք հայութիւնը։
Եօթ տարիներու ընթացքին, նախարարութիւնը իր բազմաբնոյթ ծրագիրներով՝ հազարաւոր սփիւռքահայեր եւ օտար մասնագէտներ բերաւ Հայաստան, հազարաւոր երիտասարդներ իրենց աչքերով տեսան հայրենիքն ու զգացին անոր ուժը, իսկ օտարները սքանչացան տեսնելով մեր երկիրը եւ զգացին անոր դարաւոր շունչը։
Նախարարը տարբեր համայնքներ կատարած իր այցերով Հայրենիքի շունչը տարաւ Սփիւռք, որգեւորեց տեղի հայութիւնը։
Վերջին երեք տարիներուն Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայութիւնը իրեն նեցուկ տեսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը՝ իբրեւ հարազատ օճախի, որ կը լսէ իրենց խնդիրները եւ կը փորձէ ամէն գնով լուծել առողջական, կրթական, կեցութեան, աշխատանքի եւ այլ խնդիրներ։
Նախարարութիւնը իր ծրագիրներով մեծ կարեւորութիւն ընծայեց մայրենիի պահպանման. ան եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ամենակարեւոր ամպիոնը, ուրկէ սկսաւ արծարծուիլ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման կարեւոր խնդիրը։ Այդ ծիրէն ներս իրականացուց ուսուցողական եւ մասնագիտական քննարկումներու շարք մը ծրագիրներ։ Նախարարութեան պաշտօնական կայքն ու լրատուական “Հայերն Այսօր” կայքը՝ Հայաստանի պետական համակարգի մէջ միակն են, որոնք ունին արեւմտահայերէն տարբերակներ։
Ի վերջոյ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ յատկապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը եղան ԵՌԱԳՈՅՆ-ի ստեղծումն ու անոր տարած աշխատանքը մեծապէս գնահատողները։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը շնորհաւորէ նախարարութեան լուսաւոր ստեղծումը՝ մաղթելով բեղուն գործունէութիւն, ուժ եւ կորով այս դժուարին գործը յառաջ տանելու համար։