«Անակնկալի Եկայ, Երբ Հնչեց Իմ Անունս». «Արի Տուն-2016» Ծրագիրի Մասնակից
«Արի տուն» ծրագիրին մէջ ձեւաւորուած աւանդութեան համաձայն` ծրագիրի հանդիսաւոր բացման օրը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակիցներէն ամենակրտսերին «Արի տուն» ծրագիրի տարբերանշանով շապիկ ու գլխարկ կը հագցնէ եւ կը յանձնէ պայուսակը: Առաջին փուլին բացման բախտ վիճակուեցաւ այդ երջանիկը դառնալու 14-ամեայ հալէպահայ Գէորգ Պաղտասարեանին:
«Անակնկալի եկայ, երբ հնչեց իմ անունս, իսկ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ նման ուշադրութեան արժանանալով` ուրախացայ շատ. միշտ պիտի յիշեմ այս օրը: Ծրագիրին իմ կամքովս կը մասնակցիմ: Քանի մը տարի ընտանիքիս հետ ապրելով Հայաստանի մէջ` միշտ լսած էի «Արի տուն» ծրագիրին մասին եւ այս տարի, ինչպէս կը տեսնէք, արդէն մասնակիցներէն մէկն ալ ես եմ»,- «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին ըսաւ Գէորգը:
«Շատ գովելի ծրագիր կը կազմակերպէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, որուն արդիւնքները ապագային անպայման կը տեսնենք: Տղաս որոշեց մասնակցիլ, քանի որ հայրենասիրական զգացումներ ունի իր հոգիին մէջ, նաեւ` հետաքրքրասէր է եւ նոր ծանօթութիւններու սիրահար: Անակնկալ էր մեզի համար, որ Գէորգին ընտրած էին` իբրեւ ամենակրտսեր մասնակից: Երբ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անոր շապիկն ու գլխարկը հագցուց, պայուսակը յանձնեց` յուզուեցայ եւ հպարտացայ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Գէորգի մայրիկը` Մակի Մուրատեան-Պաղտասարեան:
Գէորգ Չիչեան