«Հայրենիքը այնտեղ ապրող մարդիկ են եւ մարդկային յարաբերութիւնները». Ստեփան Մահշիկեան

Սուրիոյ մէջ ծաւալած պատերազմական գործողութիւններու պատճառով մեր հայրենակիցներէն շատերը հանգրուանեցին Հայրենիքի մէջ` հաստատապէս մշտական ապրելու մտադրութեամբ, մաս մըն ալ, խաղաղութեան վերականգնումէն յետոյ, կ’երազէ վերադառնալ ծննդավայր, տէր կանգնիլ իր` դեռեւս կանգուն տան ու խանութներուն, հայկական մշակութային արժէքներուն` կապը չկտրելով Հայրենիքէն: Այս եւ այլ հարցերով բազմիցս զրուցած եմ շատ սուրիահայերու հետ, լսած տարբեր պատասխաններ, սակայն անոնց բոլորի զրոյցներուն մէջ կը գերիշխէր սէրը` առ Հայրենիք: Նման զրոյց մըն ալ ծաւալեցաւ Ստեփան (Ստիւ)Մահշիկեանի ընտանեկան յարկին ներքոյ, որուն մասնակից եղաւ նաեւ անոր եօթնամեայ դուստրը` Ստեֆանին:
-Ստեփա՛ն, ե՞րբ եկաք Հայրենիք, որո՞ւն եւ ի՞նչ ձգեցիք այնտեղ:
– Հայաստան եկայ 2012-ին, երբ պատերազմական գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ դեռ նոր սկսած էին: Այնտեղ ձգած եմ տունս, աշխատատեղիս, մտերիմ ու անդաւաճան ընկերներս, հայկական մշակութային թանկ արժէքներ` դպրոց, եկեղեցի… Հեշտ չէր: Հալէպի մէջ նուէրներու խանութ ունէինք, ես ու տիկինս մեր ձեռքի աշխատանքները կը վաճառէինք. ատոնք գեղեցիկ յուշանուէրներ էին: Այդ աշխատանքը նաեւ այստեղ կը շարունակենք.կինս ` Գարմենը, շատ շնորհալի է, նրբահամ խորտիկներ, անուշներ (մուրապաներ), տորթեր, ճաշեր կը պատրաստէ, որոնք վաճառքի կը հանենք: Մասնակցած ենք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած բոլոր ցուցահանդէս-վաճառքներուն եւ այլ ցուցահանդէսներու: Փառք Աստուծոյ, ամէն ինչ ունինք, ոչ մէկէն կախման մէջ չենք:
– Ստեփա՛ն, ո՞ւր կ’աշխատիս այժմ:
– Կ’աշխատիմ «Իմ ուղին» աուտիզմով հիւանդ երեխաներու կեդրոնին մէջ: Նման երեխաներու հետ աշխատելու փորձառութիւն արդէն ունէի. մօտ 10 տարի Եւրոպայի քանի մը երկիրներու մէջ տաունի համախտանիշով հիւանդ երեխաներու հետ աշխատած եմ: Ես նման երեխաներուն կը սորվեցնեմ զբաղիլ ձեռքի աշխատանքով: Շատ կապուած եմ անոնց հետ, կը սիրեմ այդ երեխաները եւ կը ձգտիմ անոնց հնարաւորինս օգտակար ըլլալ: Երեխաներն ալ ինծի շատ կը սիրեն եւ անհամբերութեամբ կը սպասեն դասերուս: Շատ շնորհակալ եմ կեդրոնի տնօրէն Նարինէ Վարդանեանին, զգացուած եմ անոր բարեհամբոյր, մարդկային վերաբերմունքէն. հէնց առաջին իսկ օրէն ան այնպիսի վերաբերմունք ցոյց տուաւ, որ ես` սուրիահայս, ոչ մէկ խորթութիւն ու տարբերութիւն չզգացի: Ընդհանրապէս, Հայաստան մեզի ջերմութեամբ ու հոգատարութեամբ ընդունեց: Ես աշխատած եմ նաեւ զբօսաշրջութեան գործակալութեան մէջ, ընտանիքներ ու խումբեր տարած եմ Արեւմտեան Հայաստան: Կը տիրապետեմ անգլերէն, թրքերէն եւ արաբերէն լեզուներուն, իսկ այժմ կը սորվիմ նաեւ պարսկերէն: Գոհ եմ մեր կարգավիճակէն. ընտանիքս ապահով է, շուտով Մուսալեռ տուն կ’ունենանք: Մինչեւ Հայաստան տեղափոխուիլս` տարին 2 անգամ եկած եմ Հայաստան եւ 15 տարի առաջ հող գնած եմ այնտեղ, հիմա կառուցման աշխատանքներ կը կատարուին: Մուսալերան մէջ հանդիպեցայ հայաստանաբնակ ապագայ կնոջս` Գարմէնին եւ ամուսնացանք ու գացինք Հալէպ, ծնաւ աղջիկս` Ստեֆանին:
– Ովքե՞ր եղած են պապերդ, Ստեփա՛ն. կ’ըսեն` թոռները շատ յաճախ կը ժառանգեն իրենց պապերու շնորհը:
– Պապերուս, նախապապերուս մէջ եղած են հոգեւոր դասի առաջնորդներ, ներկայացուցիչներ, նաեւ` վաճառականներ. ես երեւի ժառանգած եմ վերջին կենը: Ծնողներս Քեսապէն են, մանկութեանս, պատանեկութեանս շատ տարիներ յաճախ անցուցած եմ Քեսապի մէջ, որ գեղեցիկ եւ ուրոյն աշխարհ մըն է:
-Հայաստանի մէջ լաւ ընկերներ ունի՞ս:
-Ունէի շատ ընկերներ, ծանօթներ, սակայն իմ անդաւաճան ու անկեղծ ընկերներս հին ընկերներս են` հալէպցիներ, քեսապցիներ, որոնց հետ ճանապարհ անցած եմ:
– Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք կը վերադառնա՞ք Սուրիա…
-Կ’ուզեմ անկեղծ ըլլալ` այո՛, կ’երթամ: Հալէպը իմ ծննդավայրս է, բառերով չնկարագրուող կարօտ ունիմ ծննդավայրիս հանդէպ, տուներ ունինք այնտեղ, խանութներ, հարազատներ, մօտ ընկերներ, ծանօթ ու սիրելի թաղամասեր, յիշողութիւններ… Կը վերադառնամ, սակայն մէկ ոտքս այստեղ կ’ըլլայ . չեմ կրնար կապս կտրել Հայրենիքէս, ուր իմ նոր կառուցուող տունս է, իմ հայրենակիցներս, ես այստեղ նաեւ սիրած աշխատանք ունիմ: Ես Հայրենիքի մէջ նեղութիւններ ալ ունեցած եմ, նեղուած եմ ու վիրաւորուած իբր վստահելի, մօտ «ընկերներէ», սակայն Հայրենիքը այստեղ որեւէ մեղք չունի, այն ինծի համար ծնող է, իսկ ծնողէն չեն նեղուիր, անոր միայն կը սիրեն:
-Տէ, ուրեմն, ձեւակերպէ հոգիէ ու սրտէ բխած բառերով` ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը:
– Սիրո՛վ: Հայրենիքը միայն աշխարհագրական տարածք չէ քարտէզի վրայ, միայն հող չէ, նիւթ չէ միայն: Հայրենիքը օդ է, շունչ է, Հայրենիքը այնտեղ ապրող մարդիկ են եւ մարդկային յարաբերութիւններ, որոնք, եթէ շիտակ են, անկեղծ, ապա Հայրենիքը կը քաշէ մագնիտի պէս, իսկ եթէ ոչ` ակամայէն կ’ուզես փախչիլ այնտեղ, ուրկէ եկած ես: Հայաստանի մէջ ապահով կը զգաս, միայն թէ օրէնքները գործեն ի շահ ժողովուրդին եւ երկրի բարօրութեան, միայն թէ օտարամոլութեամբ չտառապի հայը, միայն թէ չարաղէտ աղանդները չմտնեն ընտանիքներ ու դպրոցներ, չպառակտեն ազգը, սուտով ու կեղծիքով իրենց շարքերը չքաշեն մարդոց. մենք Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ ենք եւ պէտք չէ հեռու երթանք մեր հաւատքէն ու եկեղեցիէն:
– Ինչպիսի՞ն կ’ուզէիր տեսնել հայը:
-Ուր ալ, որ ապրին հայերը, ըլլան ազնիւ, անշահախնդիր, աւանդապաշտ, ընտանեսէր, հաւատքով ու հայասէր:
– Ստեփա՛ն, վերջին հարցս` ինչպիսի՞ն կը տեսնես Հայաստանի ապագան:
– Շատ աւելի զարգացած ու հզօր, քանի որ ունինք խոստումնալից երիտասարդութիւն, իսկ ապագան անոնց ձեռքերուն մէջ է:
(Այստեղ փոքրիկ Ստեֆանին կը միջամտէ)
– Ե՛ս եմ ապագան, հայրիկս կ’ըսէ:
Ես հրաժեշտ կու տամ այս հայաշունչ ու գեղեցիկ երիտասարդ ընտանեկան եռանկիւնին` ունկերուս մէջ Ստեֆանիի` մանկական անմիջականութեամբ ըսուած բառերը:
Կարինէ Աւագեան