Ես իրատես եմ ու կը հաւատամ, որ կու գայ վարդահեղեղ ապագայ. Ռաֆֆի Ճանեցեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/01/Ռաֆֆի.jpg)
“Հայերն այսօր”-ի թղթակիցը զրուցած է տարիներ առաջ Սուրիայէն հայրենադարձուած բժիշկ Ռաֆֆի Ճանեցեանի հետ:
Պարո՛ն Ճանեցեան, մեր հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին այնպէս թուեցաւ, որ դուք շատ վարժ արեւելահայերէն կը խօսիք, ե՞րբ հասցուցած էք այդպէս սորվիլ…
Ես ծնած եմ Սուրիոյ հիւսիսին գտնուող Թէլ Ապիատ գիւղ-աւանի մէջ, ուր 1915-ին Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հաստատուած են նախնիներս: Ծնողներս արմատներով Ուրֆայի հարեւանութեամբ գտնուող Կարմուջ հարիւր տոկոս հայկական գիւղէն են: Ես այնտեղ ապրած եմ մինչեւ 12 տարեկան դառնալս, կրթութիւն ստացած եմ Խորենեան ազգային վարժարանէն. այնտեղ կրթութիւնը մինչեւ 7-րդ դասարան էր: Ուսումս շարունակելու նպատակով տեղափոխուած ենք Հալէպ, ուր շարունակած եմ յաճախել Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան, աւարտած եւ եկած եմ Երեւան, ընդունուած Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի բուժական բաժանմունք, աւարտած ու մնացած եմ այստեղ… Հասայ Ձեր տուած հարցի պատասխանին` 25 տարի է, որ Հայաստան կ’ապրիմ, այս է արեւելահայերէնին տիրապետելու գաղտնիքը, սակայն արեւմտահայերէնը հոգիիս , սրտիս մէջ է ու շուրթերուս:
-Կը պատկերացնէ՞իք, որ միշտ պիտի ապրիք Հայրենիքի մէջ:
Այո՛, առաջին անգամ, ոտք դնելով Հայրենիքիս հողին, հասկցայ, որ ես պէտք է այստեղ ապրիմ: Անշուշտ, գիտէի, որ նաեւ դժուարութիւններ պիտի ունենամ, բայց անիկա չխանգարեց, որ իրականացնեմ ցանկութիւնս: Միայն մէկ տարի բացակայած եմ Հայաստանէն. ուսումնառութեան նպատակով մեկնած եմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ` Պոսթըն եւ վերադարձած Հայաստան:
-Ընտանիքի մեծերը դէմ չէի՞ն Հայաստան մշտապէս բնակելու մտքին:
Բոլորովի՛ն: Իրենք սիրով ընդունեցին այդ որոշումը:
-Ո՞ւր հանդիպեցաք Ձեր ապագայ կնոջ:
Կինս ալ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն է, սակայն այստեղ ծանօթացած ենք: Ան աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը, ինչպէս նաեւ աւարտած է Փանոս Թէրլէմէզեանի անուան գեղանկարչական ուսումնարանը` ձեւաւորողի մասնագիտութեամբ: Երկու երեխայ ունիմ` տղաս` 13 տարեկան Յակոբը, աղջիկս` 10-ամեայ Մանէն:
-Երեխաներու մէջ որեւէ յակում կը նկատէ՞ք ծնողներու մասնագիտութիւնը շարունակելու գծով:
Տղաս մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ բժշկութեան նկատմամբ, իսկ աղջիկս հաճելիօրէն կը մօտենայ մայրիկի մասնագիտութեան. 7 տարեկանէն բանաստեղծութիւններ կը գրէ:
-Պարո՛ն Ճանեցեան, Սուրիոյ եւ Հայաստանի հայերու ապրելաձեւի, աւանդոյթներու միջեւ եղած տարբերութիւնը շատ մե՞ծ է:
Որոշ առումով Սուրիոյ հայերը առաւել աւանդապաշտ են եւ աւելի հետեւողական` եկեղեցական տօներու, դարերու խորքէն եկած աւանդոյթներու, բարքերու առումով: Ըսեմ, որ այդ տարբերութիւնները այնքան ալ էական չեն. հայը հա՛յ է:
-Ինչիսի՞ն կը ցանկաք տեսնել Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայերը:
Առաջին` սփիւռքահայը, դուրսը ապրելով, իբրեւ փոքրամասնութիւն` միշտ ուշադրութեան կեդրոնին եղած է, եւ աշխատած է ինքզինք դրսեւորել իբրեւ լաւ, տիպար քաղաքացի: Հետեւաբար, ան, տեղափոխուելով Հայաստան, իր այդ որակը չի կորսնցներ, իսկ Հայաստանի մէջ ծնած, ապրող հայը, համարելով, որ սա իր երկիրն է, շատ յաճախ աւելի անփոյթ, աւելի անպատասխանատու, ոչ սրտցաւ կեցուածք կ’ընդունի: Պէտք չէ մոռնանք, որ սա մեր երկիրն է: Երկրորդ` այն սփիւռքահայերը, ովքեր Հայաստանի մէջ ապրած են երկար ժամանակ, կրնան կամուրջ դառնալ Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ:
-Ո՞ր հայերէնով կը խօսիք ընտանիքի մէջ` շքեղ ու դարակազմիկ արեւմտահայերէ՞ն, թէ՞ նոյնքան գեղեցիկ ու հարուստ արեւելահայերէնով:
Ես շատ կը հպարտանամ արեւմտահայ ծագումովս, հպարտ եմ, որ արեւմտահայ, սփիւռքահայ մշակոյթի կրողն եմ, որ իմ երեխաներս տան մէջ արեւմտահայերէն կը խօսին: Դպրոցը, փողոցը երեխաներս կը խօսին արեւելահայերէն, ես ալ` աշխատավայրի մէջ: Եւ՛ իբրեւ մասնագէտ, եւ՛ իբրեւ հայրենադարձ սփիւռքահայ, ես կը վայելեմ իմ շրջապատիս յարգանքն ու սէրը: Եթէ նախկին հայրենադարձները խնդիրներ ունեցած են, ես` ընդհակառակը` լեզուն խնդիրներ չէ ստեղծած եւ միշտ դրական արձագանգ ունեցած է:
-Դուք ուսում ստացած էք Բժշկական համալսարանէն, 90-ականներուն. այդ տարիներուն եւ մեր օրերուն ալ, մասնագիտական գրականութիւնը աւելի շատ ռուսերէն լեզուով է: Ձեր առջեւ երկու դժուար խնդիր կար` յաղթահարել արեւելահայերէնը, սորվիլ ռուսերէն. ինչպէ՞ս կրցաք յաջողցնել:
-Շատ լաւ հարց տուիք. երբ Հայաստան եկայ ուսանելու, մէկ նպատակ ունէի` փայլուն կրթութիւն ստանալ: Դասախօսութիւնները հայերէն էին, իսկ գրականութիւնը ռուսերէն: Դժուար էր: Առաջին երկու տարին` նախապատրաստական եւ առաջին քուրսին ռուսերէն սորվեցայ: Տղաներու մեծ մասը ցանկութիւն չունէր ռուսերէն սորվելու: Ես կ’օգտուէի ռուսերէնէն` բառարաններով, ընկերներու օգնութեամբ: Կ’ընտրէի անգլերէն գրականութիւն, կը թարգմանէի հայերէնի եւ կը սորվէի. ինքնաշխատութեամբ յաղթահարեցի այդ բոլորը: Դժուարութիւնները աւելի շատ օգնեցին ինծի, որ աշխատիմ ուժերուս առաւելագոյն չափով, եւ անոր արդիւնքը եղաւ այն, որ միակ սփիւռքահայ ուսանողն էի, որ 1997-ին համալսարանը աւարտեց գերազանցութեամբ: Աւարտելէն ետք 4 տարի անվճար մասնագիտացայ ուրոլոկիայի (միզասեռական համակարգի մասնագէտ վիրաբոյժ) մէջ եւ այժմ կ’աշխատիմ այդ մասնագիտութեամբ ոչ միայն այս մանսաւոր քլինիքի, այլեւ` Հայ-ամերիկեան առողջութեան կեդրոնէն ներս:
-Ձեր աշխատանքային փորձառութիւնը, վաստակը, ներուժը, անգլերէնի քաջիմացութիւնը հնարաւորութիւն կու տան աշխատելու եւրոպական առաջնակարգ քլինիքներու մէջ. հրաւէրներ չէ՞ք ունեցած:
Ունեցած եմ աշխատանքի հրաւէր` մեծ աշխատավարձով, սակայն չեմ գացած: Այդ տարի աղջիկս պէտք է դպրոց յաճախէր, իսկ մինչայդ արդէն գիտէր, սորված էր հայոց այբուբենը, գիրքեր կը կարդար եւ այնպիսի՜ խանդավառութեամբ կը սպասէր այդ օրուան… Ես չուզեցի զինք զրկել այդ ուրախութենէն. ան դեռ նոր պիտի սկսէր սորվիլ մայրենի լեզուն, եւ տեղափոխուիլը սխալ կ’ըլլար… Ես հասկցայ, որ անիկա իմ վերջնական որոշումս է: Յետոյ դարձեալ եղան հրաւէրներ, սակայն ես չուզեցի այդ ուղղութեամբ մտածել. ես կը սիրեմ իմ երկիրս եւ գոհ եմ աշխատանքէս:
-Դուք երկար ժամանակ է ելած էք Հալէպէն, սակայն խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք հնարաւո՞ր է վերադառանաք Սուրիա:
Ես Հայաստան գալու որոշում շատոնց կայացուցած էի. ընդհանրապէս չեմ ուզեր ապրիլ Սուրիոյ մէջ: Վերջերս իմ դասընկերուհիներէս մէկը եկած էր Հայաստան` մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Համահայկական համաժողովին. ան ինծի յիշեցուց շատոնց արտայայտած այն միտքս, թէ Սուրիոյ մէջ մենք ապագայ չունինք, եւ օր մը ամէն ինչ պիտի կորսնցնենք: Ես ուրախացայ, որ ժամանակին այդպիսի միտք արտայայտած եմ: Վերադարձի մասին չեմ մտածեր: Հակառակ անոր, որ Սուրիան հին, կայացած, ամենակազմակերպուած, ամենահայկական գաղութն է, բայց, ցաւօք սրտի, օտարի հողի մէջ է:
-Ծանր չէ՞ բժշկի աշխատանքը, չէ՞ք զղջար, որ ընտրած էք այդ ճանապարհը:
Բժշկութիւնը, առաւել եւս` վիրաբուժութիւնը, շատ պատասխանատու գործ է, սակայն չեմ զղջար: Ըսեմ, որ մեր գերդաստանի մէջ կան բժիշկներ` քեռիս, հօրեղբայրս, բնականաբար այդ մէկը որոշ չափով զիս ուղղորդած է դէպի բժշկութիւն: Մեր մասնագիտութիւնը հոգեկան բաւարարութիւն կը պարգեւէ, երբ մարդը կը բուժուի, կ’աշխատի, կը շարունակէ լիարժէք ապրիլ: Իմ հիւանդներուս հետ միշտ կապ ունիմ. հիւանդներ ունիմ թէ՛ Սփիւռքէն, թէ՛ Ռուսիայէն, թէ՛ Ղարաբաղէն եւ այլուր: Ստեղծած եմ նաեւ urolog.am կայքը, որ առաջին հայկական կայքն է. այդ կայքի միջոցով տեղեկութիւններ կու տամ մարդոց, կը ստանամ նամակներ, կը պատասխանեմ զիրենք յուզող հարցերուն:
-Կապուա՞ծ էք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:
Այո՛: Գիտեմ նախարարութեան ծաւալած հայրենանուէր գործունէութեան մասին եւ շատ բարձր կը գնահատեմ նախարարութեան աշխատանքները` Համահայկական համաժողովները, “Արի տուն” ծրագիրը, երաժշտական փառատօները, “Իմ Հայաստան” ծրագիրը ընդհանրապէս:
-Կը հաւատա՞ք Հայաստանի աւելի լաւ ապագային:
Ես կեղծ լաւատեսութեամբ չեմ տոգորիր, ես իրատես եմ ու կը հաւատամ, որ կու գայ վարդահեղեղ ապագայ, եթէ այդ ուղղութեամբ աշխատինք եւ ոչ թէ շարունակ պահանջենք ուրիշներէն: Պէտք է աշխատինք բոլորս, նաեւ հայրենադարձները. անոնցմէ շատեր կը պահանջեն, որ ամէն ինչ համապատասխանի եւրոպական չափանիշներուն… անիկա մեզ պէտք չէ, պէտք է արդար աշխատանք, բարեկեցութիւն եւ պատրաստակամութիւն` ապրելու երկրի մը մէջ, ուր կան դժուարութիւններ, կայ պատերազմի վտանգ: Մենք պիտի ծրագիր ունենանք, տեսլական եւ աշխատինք այդ ուղղութեամբ:
-Ին՞չ է Ձեզի համար Հայրենիքը:
Հայրենիքը ինծի համար հայու վերջնակայանն է: Եթէ կ’ուզես հայ մնալ, պէտք է ապրիս Հայաստանի մէջ, ամէն մարդ պէտք է ապրի ի՛ր հայրենիքի մէջ… Մենք քիչ ենք, եթէ բոլորս մտածենք երթալ Հայրենիքէն, ապա հողը, տունը կը պարպուի ։ Պէ՛տք է մնանք Հայրենիքի մէջ ու շատնանք:
Կարինէ Աւագեան