Լիբանանահայ խումբ մը պատանիներ ապագային Արցախ հաստատուելու փափաք յայտնած են

ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Օգոստոս 6-­ին ընդունած է պատմաճանաչողական այցով Արցախ ժամանած ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան  խումբ մը անդամներ` ատենապետ Սագօ Արապողլեանի գլխաւորութեամբ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն, ողջունելով լիբանանահայ պատանիները` խորհրդարանի ղեկավարը բարձր  գնահատած է անոնց այցելութիւնը Արցախ` նշելով, որ այն իւրօրինակ հնարաւորութիւն է անմիջականօրէն հաղորդակից ըլլալու ազգային պատմութեան ու մշակոյթին: Այս ծիրէն ներս Ազգային ժողովի նախագահը կարեւոր համարած է  հայրենիք ապրող իրենց հասակակիցներուն հետ կապերու ամրապնդման ու տեղական համայնքներուն մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Այնուհետեւ Աշոտ Ղուլեան պատանի հայրենակիցներուն ամփոփ տեղեկութիւններ  ներկայացուցած է արցախահայութեան ազատագրական շարժման, ազատ ու անկախ երկրորդ հայկական պետութեան ձեռքբերումներուն վերաբերեալ` ընդգծելով երկրի զարգացման գործին մէջ Սփիւռքի ունեցած ծանրակշիռ դերակատարութիւնը:

Հանդիպման աւարտին ծաւալած ջերմ ու անմիջական զրոյցին ընթացքին լիբանանահայ պատանիներէն շատերը յետագային Արցախ հաստատուելու փափաք յայտնած են:

Scroll Up