Սիսի կաթողիկոսարանը այսօր. բացառիկ նկարներ` երկինքէն դիտուած (տեսանիւթ)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը տարածած է տեսանիւթ, որ կը ներկայացնէ Կաթողիկոսութեան Սիսի կաթողիկոսարանը` երկինքէն դիտուած:

Յիշեցնենք, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքը տեղեկացուցած էր, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ապրիլ 28-­ին դատական հայց  ներկայացուցած է Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան` պահանջելով Սիսը իր պատմական կաթողիկոսարանին վերադարձնել:

Աւելցնենք, որ Սիսի հայոց կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջելու եւ Թուրքիոյ ՍԴ դիմելու մտադրութեան մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը առաջին անգամ յայտարարած է «Հայաստան-­Սփիւռք» համահայկական 5-­րդ համաժողովի բացման:

Scroll Up