Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին Մասնակցողները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ Եւ Եռաբլուր

Ուրբաթ, 25 յուլիսին, Համազգայինի ուսանողական հաւաքին մասնակցողները յարգանքով խոնարհեցան հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակին առջեւ, երբ այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր:

Կէսօրէ ետք ֆորումականները այցելեցին «Կրանտ Սփորթ»-ի մարզադաշտը եւ պասքեթպոլ խաղացին տեղական խումբի մը դէմ:

Երեկոյեան, խումբ մը ֆորումականներ ուղղուեցան դէպի Քասքատ եւ մասնակցեցան «Կարին» ազգագրական աւանդական երգի-պարի խումբի ժողովրդային հաւաքին, ուր սորվեցան հայկական աւանդական պարեր:

Աւելի ուշ, ֆորումականները վայելեցին Երեւանի գիշերային կեանքը եւ երգ ու պարով ճոխացուցին երեկոն:

Շաբաթ, 26 յուլիսին, Համազգայինի ուսանողական հաւաքին մասնակցողները այցելեցին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, ուր դոկտ. Հրանդ Մարգարեան դասախօսեց հայ գիրերու գիւտին մասին:

Ապա, ֆորումականները այցելեցին Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցին:

Ճաշի դադարէն ետք, խումբը ուղղուեցաւ վերնիսաժ` զանազան տեսակի գնումներ կատարելու համար: Երեկոյեան, ֆորումականները ներկայ գտնուեցաւ Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին, որմէ ետք պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտով ընթրիք մը:

«Ազդակ»

Scroll Up