ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբի մասնակցութիւնը «Իմ Հայաստան II» Փառատօնին
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով, կազմակերպեց «Իմ Հայաստան» Մշակութային Փառատօնը, որուն կազմակերպման հիմնական նպատակներէն է զարգացնել ու ամրապնդել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ պահպանել Հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը: Առ այդ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբը ներկայացնելով Լիբանանահայ գաղութը, 48 անդամներէ կազմուած մեծ պատուիրակութեամբ մը, խանդավառ ու աշխոյժ տրամադրութեամբ մեկնեցաւ հայրենիք, Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2014ի երեկոյեան, մասնակցելու՝ «Իմ Հայաստան II» Փառատօնի զանազան ելոյթներուն 35 այլ հայկական պարախումբերու կողքին: Հայաստան ժամանման, ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի անդամները դիմաւորուեցան ՀԵԸ-ի Վարիչ Տնօրէն Գէորգ Սանթուրեանի կողմէ:
Փառատօնի ընթացքին Պարախումբի պատուիրակութեան մաս կազմող անդամները մասնակցեցան չորս ելոյթներու: Առաջինը՝ Փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան՝ Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014ին, ՀԵԸ «Արին» պարախումբի աղջիկները նուրբ շարժուձեւերով ներկայացուցին Արամ Խաչատուրեանի «Վարդագոյն Աղջիկներ» պարը Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի Անուան Օփերայի եւ Պալէթի Ազգային Ակադեմիական Թատրոնին մէջ: Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014ին «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնին մասնակից պարախումբերու գեղարուեստական ղեկավարները, անոնց շարքին ՀԵԸ «Արին» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գայեանէ Մածունեանը, որ պարախումբի ներկայացուցչական պատուիրակութեան հետ մեկնած էր Հայաստան, հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեանին հետ Սփիւռքի Նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Երեւան:
Հինգշաբթի, 3 Յուլիսին «Արին»ի անդամները աշխոյժ պարերով հանդէս եկան Լոռի Մարզի, Վանաձոր Քաղաքի Շարլ Ազնաւուրի Անուան համերգասրահին մէջ, ուր ՀԵԸ «Արին» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գայեանէ Մածունեանին յանձնուեցաւ շնորհաւորագիր առ ի գնահատանք իր լուրջ ու խնամուած աշխատանքին: Փառատօնի մաս կազմող «Արի Տուն» ծրագրի երկրորդ փուլի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 4 Յուլիսին Ծաղկաձորի մէջ, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ՝ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարուհի՝ Հրանուշ Յակոբեանի: Սոյն հանդիսութեան իրենց մանակցութիւնը բերին նաեւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբի պարման-պարմանուհիները, որուն աւարտին ՀԵԸ Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեանին, «Իմ Հայաստան II» Փառատօնի եւ «Արի Տուն» Ծրագրի կազմակերպչական անձնակազմերուն ձեռամբ՝ ՀԵԸ «Արին» պարախումբի վարչութեան ատենապետուհի Տիկ. Անի Պոտրումեանի:
Փառատօնի եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 5 Յուլիս 2014ին Օշականի մէջ, «Գիւղի Տատիկ» խորագրով բացօդեայ տօնախմբութեամբ, ուր հաւաքուեցան Սփիւռքէն ժամանած բոլոր պարախումբերու անդամները, անոնց մէջ ըլլալով նաեւ «Արին»ի անդամները, որոնք իրենց ազատ պարային շրջանակներով թնթացուցին ընդարձակ դաշտը: Պարախումբի անդամները իրենց մէկ շաբթուան հայրենիք ճամբորդութեան ընթացքին, ելոյթներու կողքին, ունեցան նաեւ այցելութիւններ Հայաստանի տարբեր տեսարժան վայրեր: Անոնք պտոյտ ունեցան դէպի Հաղարծին, Սեւանայ Լիճ, եւ Ծաղկաձոր, ուր վայելեցին Ծաղկաձորի ճոպանուղին: Այցելեցին Օշականի Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, խրախճանք ունեցան «Փարվանա» ճաշարանին մէջ եւ ուղեւորուեցան դէպի Խոր Վիրապ, որպէսզի երիտասարդները ծանօթանան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի 13 տարի արգելափակուած վայրը, ուրկէ միաժամանակ մօտէն վայելեցին Արարատ Լերան գեղեցկութիւնը: Նկատի ունենալով որ ՀԵԸ «Արին» պարախումբի երէց եւ միջնեկ կազմերը Նոյեմբեր ամսուն Լիբանանահայ արուեստասէր հանրութեան պիտի ներկայանան մեր ազգային դիւցազնավէպ՝ «Սասնայ Ծռեր»ուն հիման վրայ պատրաստուած ներկայացումով, անոնք այցելեցին Սասունցի Դաւիթի արձանը, ուր խորապէս ներշնչուեցան անոր հզօր ու հաստատակամ կեցուածքէն:
Հայրենիք կեցութեան ընթացքին ՀԵԸ «Արին» պարախումբի անդամներուն միացաւ նաեւ ՀՀ Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեան, որ նախապէս 2013 թուականին ժամանած էր Լիբանան եւ ազգագրական պարեր դասաւանդած Պարախումբի անդամներուն: «Արին»ի անդամները վառ յուշերով վերադարձան Լիբանան Երկուշաբթի, 7 Յուլիս 2014ի երեկոյեան, ինչպէս իրենց Լիբանանէն մեկնումին, նոյնպէս ալ վերադարձին, անոնք դիմաւորուեցան ՀԵԸ-ի Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին ու անդամներուն կողմէ: Տեղին է ըսել, որ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբի անդամները իրենց հայաշունչ ոգիով, ճկուն պարերով, հմուտ շարժուձեւերով եւ բարձրորակ կատարումներով անգամ մը եւս յարգանքի ու բարձր գնահատանքի արժանացուցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸը եւ յատկապէս «Արին» պարախումբի անունը:
Վարձքը կատար ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանին, բեմավար Վարդան Մկրտիչեանին, որ իր պաշտօնին կողքին միշտ անկարելին կարելի ընելով ճամբորդութեան ամբողջ տեւողութեան հսկած էր խումբին կարգապահութեան ու ամէն մէկ քայլին, ինչպէս նաեւ վարձքը կատար ՀԵԸ «Արին» պարախումբի վարչական տիկիններուն, որոնք մաս կազմած էին պարախումբը ներկայացնող մեծ պատուիրակութեան եւ ուշի ուշով հետեւած՝ խումբին իւրաքանչիւր քայլափոխին ու լիուլի հոգացած էին անդամներուն կարիքները: Սրտանց կը շնորհաւորենք ՀԵԸ «Արին» պարախումբի ժրաջան անդամները իրենց լուրջ աշխատանքին համար եւ կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ Նոյեմբեր ամսուան մէջ կայանալիք իրենց ելոյթներուն: ՀԵԸ Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան ու «Արին» պարախումբի անունով կը փափաքինք շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան՝ ի մասնաւորի Սփիւռքի Նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեանին ինչպէս նաեւ «Արի Տուն» ծրագրի կազմակերպիչներուն, որոնք դարձեալ առիթը ընծայեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբին իր մասնակցութիւնը բերելու «Իմ Հայաստան II» Համահայկական Մշակութային Փառատօնին:
Անդրանիկ երիտասարդական ասոցիացիա
Կենտրոնական գրասենյակ
Լիբանան