Նոր Գիւղը Կրկին Թիրախ

Երէկ` երեքշաբթի, 8 յուլիս 2014-ի երեկոյեան դարձեալ կազի տակառներ տեղալ սկսան Նոր Գիւղ շրջանին մէջ` խախտելով բնակչութեան անդորրը: Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ եւ վիրաւորներ, որոնց վիճակը մտահոգիչ չէ: Մեծագոյն պայթումները պատահեցան. ա.- Նոր Գիւղի Օդային զինուժի կեդրոնին շրջանը: Բ.- Ազգապատկան ,Կիլիկիաե շէնքին դիմաց, ,Արեւելքե տպարանին կից: Վիրաւորուած են Արփի եւ Գոհար Գույումճեաններն ու Նուէր Գրտանեանը:

«Ազդակ»

Scroll Up