Քեսապի յարձակման դէմ բողոքի ցոյց Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ

Երկուշաբ­թի, Մարտ 31ին ՀՅԴ Նոր Սե­րունդի նա­խաձեռ­նութեամբ Թուրքիոյ դես­պա­նատան առ­ջեւ կա­յացած բո­ղոքի ցոյ­ցին ներ­կայ էին Փա­րիզեան շրջա­նի շուրջ 1.000 Հա­յեր, որոնց պար­զած պաս­տառնե­րուն վրայ կարելի էր կարդալ՝ «Քե­սապը մե՛րն է», «Ցե­ղապաշտ թուրք դո՛ւրս Քե­սապէն» եւ այլ նման գրու­թիւններ, իսկ երի­տասարդնե­րը կը վան­կարկէին՝ «Ոճ­րա­գործ Թուրքիա, դո՛ւրս մեր հո­ղերէն», «Էր­տո­ղան յան­ցա­գործ, Հո­լանտ մեղ­սա­կից»… կո­չերը։

Առա­ջին խօսք առ­նողն էր CCAFի հա­մանա­խագահ Մու­րատ Փա­փազեան, որ զու­գա­հեռ գծե­լով Էր­տո­ղանի եւ Թա­լէաթի մի­ջեւ՝ ըսաւ, թէ Թուրքիա պէ՛տք է պատ­ժո­ւի եւ պայ­քա­րը մին­չեւ վերջ պի­տի շա­րու­նա­կուի, նոյ­նիսկ եթէ ան ամիս­ներ տե­ւէ։ Ան Ֆրան­սա­յի կա­ռավա­րու­թե­նէն պա­հան­ջեց դա­տապար­տել Քե­սապի դէմ յար­ձա­կու­մը։

«Եր­կիր եւ Մշա­կոյթ» կազ­մա­կեր­պութեան անու­նով ելոյթ ու­նե­ցաւ Գե­ղամ Գե­ւոնեան եւ յայտնեց, թէ 30 տա­րիէ ի վեր Ֆրան­սա­հայե­րը կա­պուած են Քե­սապին, որ ան­բաղդա­տելի գո­հար մըն է։ Բա­նախօ­սը յի­շեցուց, թէ 1914-ին ութ հա­զար Հա­յեր տե­ղահա­նուե­ցան այդ շրջա­նէն, որոնցմէ միայն երեք հա­զարը վե­րադար­ձան… “Այ­սօր մենք բո­լորս քե­սապ­ցի ենք, իսկ Թուրքիա ճի­հատա­կան­նե­րու մեղ­սա­կից է, սա­կայն աշ­խարհի հա­յու­թիւնը մեծ թիւ կազ­մե­լով՝ կրնայ դի­մադ­րել թրքա­կան ու­ժին եւ զայն հակակշռել”,- ըսաւ ան։ Խօս­քը աւար­տեց յոյս յայտնե­լով, որ “մօտ ապա­գային յաղ­թա­նակը կ՚ապա­հովենք, եւ բո­լորս զի­րար կը վե­րագտնենք Քե­սապի մէջ”։

ՀՅԴ Նոր Սե­րունդի անու­նով ելոյթ ու­նե­ցաւ Լո­րիս Թու­ֆա­նեան եւ միաս­նութեան կոչ ուղղե­լով՝ խոս­տա­ցաւ շա­րու­նա­կել պայ­քա­րը։ Այ­նուհե­տեւ Մա­րինա Յով­հաննի­սեան ար­տա­սանեց Գէորգ Էմի­նի «Մենք կէս ենք» բա­նաս­տեղծու­թիւնը։

Հայ Դա­տի Փա­րիզի գրա­սենեակին կող­մէ հա­յերէ­նով ար­տա­յայ­տո­ւեցաւ Հրաչ Վար­ժա­պետեան եւ դա­տապար­տեց Թուրքիան հո­վանա­ւորող Ֆրան­սա­յի պե­տու­թեան կե­ցուած­քը, կոչ ուղղե­լով՝ մին­չեւ վերջ պա­հան­ջա­տէր ըլ­լալու եւ միաս­նա­կան ու­ժե­րով շա­րու­նա­կելու պայ­քա­րը։

Հա­ւաքի վեր­ջին բա­նախօ­սը Յա­րութ Մար­տի­րոսեանն էր, որ Հայ Դա­տի Յանձնա­խումբին կող­մէ, իր կար­գին, դա­տապար­տեց Ֆրան­սա­յի մեղ­սակցու­թիւնը՝ ըսե­լով, որ ան ծանր պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւն կը կրէ եւ պէտք է պաշտպա­նէ Քե­սապը։ Յ. Մար­տի­րոսեան «անի­մաստ» եւ «ոչնչու­թիւն» նկա­տեց Ֆրանսայի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան այս առի­թով հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թիւնը։

Դար­ձեալ հան­դի­պելու եւ պայ­քա­րը շա­րու­նա­կելու խոս­տումով՝ ժա­մը 20.30-ին ցրուեցան ցու­ցա­րարները։

ՀՐԱՅՐ ՀՐԱՉԵԱՆ 

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up