Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Պետական Յանձնաժողովի Խորհրդաժողովին Սեդա Խտըշեանի Արտասանած Խօսքը

Մայիս 27-ին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած Հայոց  ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի  համահայկական խորհրդաժողովին Հայոց  ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին խօսքը արտասանեց մարմինի ատենապետ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան: Խօսքը կը հրատարակենք ստորեւ:

Հայոց ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը տասնամեակէ մը ի վեր կը գործէ գաղութիս երեք յարանուանութիւններու` Հայ առաքելական, Հայ կաթողիկէ ու Հայ աւետարանական  եւ երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՌԱԿ եւ ՀԲԸՄ-ի հետ գործակցութեամբ եւ միասնական ճիգերով:  Ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան պետական յանձնաժողովի առաջարկին` Հայոց ցեղասպանութեան  հարիւրամեակին ընդառաջ համազգային ճիգերով Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւն եւ գործունէութիւն ծաւալելու, Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը վերակազմաւորուեցաւ եւ անուանուեցաւ` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմին` պահելով ներկայացուցչական միեւնոյն դրութիւնը, առաւել եւս սերտօրէն գործակցելով Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պետական յանձնաժողովին եւ Հայոց ցեղասպանութեան  թանգարան-հիմնարկի տնօրէնին հետ:

24-008

Նախորդ երեք տարիներուն Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը ծրագրեց եւ գործադրեց քաղաքական,  մշակութային եւ  արուեստի զանազան բնագաւառներու եւ մակարդակներու վրայ լայնածաւալ գործունէութիւն` կազմակերպելով բողոքի հսկայածաւալ ու բազմամարդ ցոյցեր, երիտասարդական հսկումներ, ցուցահանդէսներ, շրջանային համագումար, ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, նաեւ ներկայացուց երկու յուշագիրներ:  Յայտարարութիւններով ու զանազան ձեռնարկներով յանձնախումբը մնայուն կերպով արթուն կը պահէ ժողովուրդը` զայն հաղորդակից դարձնելով  Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող իրադարձութիւններուն եւ հարցերուն:  Հայաստանի պետական յանձնաժողովի համազգային նիստին ներկայացուեցաւ հարիւրամեակին ընդառաջ Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին գործադրելի ծրագիրներու ամբողջական թղթածրարը` համապատասխան կազմակերպչական առաջարկներով:

Լիբանանը կ՛առանձնացուի սփիւռքահայ  աշխարհասփիւռ  հայկական բոլոր գաղութներէն իր իւրայատկութեամբ, համահայկական եւ համազգային կառոյցով, որ կը  զատորոշուի հիմնումով եւ ներկայութեամբ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողոկոսութեան Ս. Աթոռին ու յանձինն անոր ներկայ եւ նախկին վեհափառ հայրապետներուն, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական աթոռին ու անոր ներկայ եւ նախկին պատրիարքներուն եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու կեդրոնատեղիի: Այս հանգամանքն ու անոնց յարակից մարմիններուն ու կառոյցներուն գոյութեանն ու գործունէութիւնը Լիբանանին կու տայ համասփիւռքեան նշանակութիւն, ուրեմն` յաւելեալ պատասխանատութիւն եւ պարտաւորութիւններ:

Առ այդ, ձեր ազնիւ ուշադրութեան կը յաձնենք հետեւեալները.

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումներու համակարգելու եւ միաւորուած կազմակերպելու փորձը առաջին նախաձեռնութիւնն է անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին, երբ Հայաստան-սփիւռք առաջին անգամ ըլլալով  միաւորուած ու համակարգուած ծրագիր կը մշակեն դիմագրաւելու մեր պատմութեան ամէնէն ահաւոր եւ զարհուրելի  դէպքին` Մեծ եղեռնին հարիւրամեակը, մեր համազգային սուգը:  Նկատի չունիմ վերջին քսանամեակին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ձեւաւորած  միատեղ աշխատանքները, որոնք ուրիշ բնագաւառի մը սկիզբը դրին: Ասիկա ուրիշ գործակցութիւն է, որ կը միտի ձեւակերպել համազգային մտածելակերպ եւ համազգային գործելակերպ` ազգային պահանջատիրական մեր դատին նկատմամբ: Պատմական աննախադէպ  իրողութիւն մը, որուն վրայ կեդրոնացած են բոլորին հայեացքները` հայ թէ օտար, սպասելով, որ ի՛նչ պիտի ըլլայ բարձրակէտը մեր նշումներուն:

Կը հաւատանք, որ այս նշումներով սկսած ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային իրազեկման գործընթացը եւ կը դրուին ապառաժեայ եւ անխախտելի հիմերը  Հայաստան -սփիւռք գործակցութեան, որ պիտի ձեւակերպէ ազգային դատի  մեր պահանջատիրութիւնը` քաղաքական, մշակութային, նիւթական եւ բարոյական վնասահատուցման առաջարկներով: Մանաւանդ  պիտի օգտագործենք համաշխարհային հայկական մարդուժը` քաղաքական, մշակութային, մտաւորական բոլոր բնագաւառներու մէջ մշակելու համար համազգային գործելաձեւ մը հունաւորելով ազգային պահանջատիրութեան գործընթացը`

գիտական, իրաւական, մշակութային եւ արուեստի մակարդակներու վրայ, հասնելու համար, ի վերջոյ, միջազգային ատեան:

Ահա այ՛ս են մեր ակնկալիքները համազգային այս յանձնաժողովէն,  այ՛ս է նաեւ պատգամը նահատակներուն դրուած իւրաքանչիւր հայու ուսերուն, այ՛ս է մարտահրաւէրը  հարիւրամեակին, որուն հիմնաքարը դրած ըլլալ  կը յուսանք այս հաւաքով:

Խորապէս համոզուած ենք որ Հայաստան- սփիւռք պիտի կարողանանք արժանաւորապէս նշել Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը եւ ապահովել շրջադարձային հանգամանք, յատկապէս` պատրաստել` համայն հայութեան պահանջներուն իրաւական ենթահողը, որ կը հանդիսանայ հիմքը այս հաւաքին:

«Ազդակ»

Scroll Up