Երկու Հայ Վիրաւորներ` Դամասկոսի Մէջ

Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Դամասկոսի արեւելեան արուարձաններուն մէջ բախումնային իրավիճակը կը շարունակուի: Իսկ կեդրոնի բնակելի խաղաղ թաղամասերուն մէջ օրական միջադէպեր կ՛արձանագրուին հրասանդներու հարուածներուն պատճառով, որոնք կը պատճառեն զոհեր, վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը նշեց, որ չորեքշաբթի օր Պաղտատ փողոցին վրայ, Ազազին թաղամասին մէջ հրասանդի հրթիռի պատճառով միջին աստիճանի վնասով վիրաւորուած էին դամասկահայ հայր եւ դուստր Ռուբէն եւ Մարօ Դանիէլեանները, որոնց վիճակը կայուն է բուժում ստանալէ ետք:

aztagdaily.com

Scroll Up