Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Կը Յղէ Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Ու Չճանչցած Երկիրներու Դեսպանատուներուն
24 ապրիլին Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ գտնուող դեսպանատուներուն, որոնց կարգին` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցողներն ու չճանչցողները:
Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներու դեսպանատուներուն յղուած նամակին մէջ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շնորհակալութիւն եւ գնահատանք արտայայտած էր տուեալ երկիրներուն` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ճանչցած ըլլալնուն համար:
Նշուած է, որ ասիկա կը նկատուի բոլոր ցեղասպանութիւններու ժխտման դէմ քայլ մը` հաստատելով, որ տուեալ երկիրներուն կողմէ որդեգրուած այս սկզբունքային քայլը` ճանաչումը այլ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման իմաստով մեծ արժէք եւ դեր ունի:
Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչցած երկիրներու դեսպանատուներուն ուղղուած նամակին մէջ մարդկութեան համար ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան անդրադառնալէ ետք, Լիբանանի Հայ դատի մարմինը պահանջած է այդ երկիրներէն` 100-ամեակին ընդառաջ իրենց կարգին ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: