Հանդիսաւոր հոգեհանգիստ Նէա Զմիռնիի հայկական յուշակոթողին կից

Յունաստանի պետութիւնը 1996էն ի վեր ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը:
Անկէ ետք, որպէս երկրի օրէնք, Հայոց Ցեղասպանութեան տարեկան ոգեկոչումը (հոգեհանգիստ եւ քաղաքական ձեռնարկ) կը կազմակերպուին նոյնինքն պետութեան նախաձեռնութեամբ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Ռ.Ա.Կի Հայ Իրաւանց խորհուրդի համագործակցութեամբ:

Աթէնքի մարզպետարանի նախաձեռնութեամբ եւ հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերու հովանաւորութեամբ, երէկ Հինգշաբթի 24 Ապրիլի կէսօրէ ետք ժամը 4.30ին, Նէա Զմիռնիի հայկական յուշակոթողին կից, Էսթիա մշակութային կեդրոնի հրապարակին վրայ, հանդիսաւոր հոգեհանգիստի արարողութեամբ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը:
Հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերուն եւ կրօնական դասուն կողմէ տեղի ունեցաւ երգեցողութիւնը եւ հոգեհանգիստը Ապրիլեան Եղեռնի 1.500.000 զոհերու յիշատակին:
Ապա ելոյթներով հանդէս եկան՝ նախագահ ընկ. Դաւիթ Պետրոսեան, ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթաւրոս Ծուլաքիս, եւ կառոյցներու փոխ մարզպետ Աթանասիոս Սփոնտիլիտիս:

http://www.azator.gr

Scroll Up