Հռոմի քաղաքապետարանը կը շարունակէ իր յանձնառումը՝ յիշատակելու Մեծ Եղեռնը

Քաղաքապետի զօրակցական նամակը՝ ուղղուած Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդին

Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման 99-րդ տարելիցին առթիւ  Հռոմի քաղաքապետը՝ փրօֆ. Ինիացցիօ Մարինօ,  նամակ մը յղեց  Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդի նախագահ  Տիկին Նուարդ Գրիգորեանին, որով իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին՝  հաստատելով,  որ քաղաքապետարանը կը շարունակէ իր յանձնառումը՝ յիշատակելու հայոց  Մեծ եղեռնը։

Իր նամակին մէջ  քաղաքապետը,   իր եւ քաղաքապետարանի անձնակազմի անունով  ողջունելէ ետք՝  Հռոմի Հայ համայնքը «Ապրիլեան նահատակաց օրուան»  առիթով,  կ՝ընդգծէ,  թէ՝ «միայն հիմնուելով  ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան  վրայ՝ կարելի է կառուցել  լաւագոյն ապագայ մը բոլորին համար։

Քաղաքապետ  Ինիացցիօ Մարինօ  կը քաջալերէ  ձեռնարկները, որոնք վառ կը պահեն Եղեռնի զոհերու յիշատակը,  որպէսզի նման ողբերգութիւններ այլեւս չկրկնուին ։

Յայտնենք, որ Հռոմի քաղաքապետարանը 2000-ին քուէարկած էր բանաձեւ մը, որով կընդունէր Մեծ եղեռնի պատմական իրողութիւնը. իսկ 2006-ին, համագործակցութեամբ  Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդին, Հռոմի կեդրոնական հրապարակի վրայ զետեղած էր քաղաքապետարանի ստորագրութիւնը կրող «1915-ի  Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող» յուշաքար մը.  մինչ  2010-ին, ընդառաջելով Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդի խնդրանքին, մայրաքաղաքի փոքր այգի մը անուանած էր «Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու այգի», ուր 24 ապրիլ 2014-ի առաւօտեան տեղի կ՛ունենայ «ոգեկոչումի արարողութիւն»։

Սոնիա Նիւրփէթլեան

Հռոմ, Իտալիա

Scroll Up