Ապրիլքսանչորսեան Ցոյցերը Կ՛արտօնուի՛ն Պոլսոյ Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/images-14.jpg)
Ապրիլ 24ի նախօրէին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակը փակուած է՝ պատճառաբանելով «Կեզի» այգիի անցեալի իրադարձութիւնները:
Ըստ «Ալ Ճազիրա»ին՝ Թուրքիա զարմանալիօրէն թոյլատրած է Ապրիլ 24ին տեղի ունենալիք Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ցոյցն ու յուշ-երեկոն:
Ապրիլը 24ին՝ կէսօրէն առաջ ժամը 10ին, Հայտարփաշա Գարիի դիմաց տեղի պիտի ունենայ հաւաք՝ ի յիշատակ 1915ին աքսորուած ու սպաննուած մտաւորականներուն, այնուհետեւ տեղի պիտի ունենայ յուշ-երեկոյ: