Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան. «Դէպի 100-Ամեակ Եւ Անդին` Թուրքիա Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն-Զրոյց

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Լիբանանեան հայկական աւանդներու ակումբ»-ին, երէկ` հինգշաբթի, 17 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ուեսթ հոլ»-ի «Պաթհիշ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու երկրորդ բաժինը` «Դէպի 100-ամեակ եւ անդին` Թուրքիա եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն-զրոյց` մասնակցութեամբ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ եւ «Արմինիըն Ռիվիու»-ի գործադիր խմբագիր, պատմագէտ Տիգրան Խալիկեանի, ինչպէս նաեւ Պերլինի Ֆղէյյ համալսարանի «Անդրազգային յարաբերութիւններու, արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան կեդրոն»-ի միջազգային յարաբերութիւններու փրոֆեսէօր, քաղաքագէտ Պիլկին Այաթայի:

Ակումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Բիւզանդ Պալիոզեան, որ յայտնեց, թէ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան ձախողութեան գագաթնակէտն է: Ան ըսաւ, որ թէեւ 99 տարի անցած է հայուն իր հայրենիքէն դուրս ապրելէն, սակայն տակաւին ան կը պայքարի իր ազգային դատին համար թէկուզ օտար հողի վրայէն: Պալիոզեան ընդգծեց, որ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Լիբանանեան հայկական աւանդներու ակումբ»-ին հիմնական նպատակներէն մէկն է զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն իրազեկ դարձնել համալսարանին շրջանակը Հայ դատին մասին ու ապա ներկայացուց ու բեմ հրաւիրեց դասախօսները:

Դոկտ. Այաթա հանդէս եկաւ «Մէկ դարեան ժխտում` Թուրքիան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին» նիւթով, որուն ընթացքին ներկայացուց Թուրքիոյ վարած ժխտման քաղաքականութիւնը` քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային դաշտերուն մէջ: Դոկտորը ընդգծեց, որ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը կը ծաւալի իր երկրին սահմաններուն մէջ եւ անոնցմէ դուրս, ինչպէս նաեւ անուղղակի կերպով կ՛ուրուագծէ ժողովուրդին ենթագիտակցութեան մէջ: «Իր անցեալը ուրացող պետութիւն մը չի կրնար իր ներկան կերտել», ըսաւ ան` անդրադառնալով վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ բարձրացող այն ձայներուն մասին, որոնք օգտագործեցին ցեղասպանութիւն բառը եւ յարաբերաբար աւելի ազատ խօսեցան անոր մասին, սակայն ան հարց դրաւ ասոր ոչ ամբողջական ըլլալուն մասին: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ երիտասարդները Էրտողանը կը գտնեն այս ժխտողական քաղաքականութեան պատճառը, մինչդեռ պատմութիւնը կը փաստէ հարցին ամբողջ համակարգին պատկանիլը: Ընդլայնելով միտքը` ան օրինակ տուաւ անցեալ տարուան Կեզի պուրակին ցոյցերը: Նկատի ունենալով, որ պուրակը կառուցուած էր հայկական գերեզմանատան մը վրայ, ասիկա շատ լաւ առիթ կը հանդիսանար Էրտողանի քաղաքականութեան դէմ դնելու ժամանակ բարձրացնելու նաեւ հայկական հարցը, բան մը, որ չգիտցաւ օգտագործել երիտասարդութիւնը, բացատրեց ան: Այաթա իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ կը նախատեսէ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակին առիթով Թուրքիա պիտի կատարէ քաղաքական մեծ փոփոխութիւն կամ անդրադարձ մը, գէթ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը «100-ամեակ»-ի կշիռէն շեղելու գնով:

Ձեռնարկին երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ դոկտոր Խալիկեան` «Հայոց ցեղասպանութիւնը այսօր` Թուրքիոյ ժխտողական արշաւը եւ հատուցում» նիւթով: Խալիկեան խօսեցաւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան ակադեմական ծիրին մէջ տարուած գործունէութեան մասին` շեշտը դնելով ակադեմականներ կաշառելուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը բարձրացողներուն ճնշման քաղաքականութիւն տանելուն մասին: Միւս կողմէ, ան մատը դրաւ Միացեալ Նահանգներուն կեղծարար քաղաքականութեան վրայ: Խօսելով հայ-թուրք երկխօսութեան մասին` ան նշեց, որ «կողմերուն անհաւասար ուժերը պատճառ կը դառնան, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններու երկխօսութիւնները ձախողին եւ հայկական կողմը զիջման տանին»: Խալիկեան ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան աշխատանքներուն ընթացքին շեշտը ճանաչման վրայ դնելը կը նպաստէ Թուրքիոյ, քանի որ ուշադրութիւնը կը շեղէ հատուցման օրակարգէն: Ան աւելցուց, որ ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի Թուրքիոյ կողմէ, երբ հատուցման մասին չի խօսուիր, որովհետեւ ցեղասպանութեան պատճառով է, որ ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութիւնը տնտեսապէս կը տուժէ ու կը տկարանայ, երբ իր քաղաքացիները կ՛արտագաղթեն: «Ներկայ Թուրքիան հիմնուած է ցեղասպանութեան վրայ», նշեց ան եւ շարունակեց, թէ այս իմաստով ներկայ Թուրքիան եւ թուրքերը եւս պատասխանատու են ցեղասպանութեան: Ան եզրափակեց, որ այնքան ատեն որ Թուրքիան Հայոց ցեղասպանութեան հատուցում չի կատարեր, ներկայ Հայաստանը կը մնայ տկար, հետեւաբար ներկայ Հայաստանի բարելաւումը կախեալ է Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումէն:

Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ օգտաշատ զրոյց, որուն ընթացքին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ անդրադառնալու Քեսապի դէպքերուն, ցեղասպանութեան քաղաքականացման, հայ-քիւրտ յարաբերութիւններուն եւ այլ նիւթերու:
Ձեռնարկի աւարտին Լիբանանի հայկական աւանդներու ակումբը յուշանուէր յանձնեց դասախօսներուն:

www.aztagdaily.com

Scroll Up