Թուրք մտաւորական Ումիթ Քուրթ հայկական եկեղեցիէն կ’արտայայտուի հայոց կալուածներու մասին

Ցեղասպանութեան դարադարձին ընդառաջ, արդէն ամէնուրեք թուրք լայնախոհ մտաւորականներ կը հրաւիրուին հայկական շրջանակներէ ներս արտայայտուելու Առաջին Աշխարհամարտին տեղի ունեցած Մեծ Եղեռնի ու տեղահանութեան մասին՝ տալով իրենց անձնական տեսակէտները, երբեմն- երբեմն մեղմ դատապարտութիւններ ընելով  Օսմանեան թէ իթթիհատականներու այդ օրերուն որդեգրուած քաղաքականութեան հանդէպ Կայսրութեան փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ։  Վստահաբար, կը կարծուի թէ անոնցմէ ոմանք արենական կապ մը ունեցած ըլլալու են հայկականութեան հետ։  Ու դեռ կարգ մը թուրք պատմաբաններ, թէեւ աւելի յանդուգն ուրիշներէն, աւելի իրապաշտ ու առարկայական կը մոտենան հայոց իրաւունքներուն մասին։

Նման հանդիպման մը դէմ հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նիւ եորքահայութիւնը օրերս Ֆէր Լոնի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ումիթ Քուրթ ներկայացուց 1915-1922 տարիներուն հայ ունեւոր դասակարգին ունեցած կորուստը եւ մասնաւորաբար Այնթէպի հայութեան վերնախաւին ունեցած կալուածներուն բռնաբարումն ու գրաւումը տեղացի թուրք հասարակութեան կողմէ։  Ինչպէս ծանօթ է,  Այնթէպի եւ Կեսարիոյ հայութեան տնտեսական մակարդակը շատ աւելի բարեկեցիկ է եղած՝ բաղդատմամբ Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններու հայերու ընկերային ու նիւթական վիճակէն։  Այս գրաւումներով Կիլիկիոյ այդ շրջաններուն մէջ թուրք նոր բարեկեցիկ հասարակութիւն մը ծնունդ կ’առնէր։

Դասախօսը, որ իր կարգին ծնած է Այնթէպ եւ ծանօթ միջավայրին, կու տայ  լայն բացատրութիւններ Այնթէպի ծանօթ հայ ընտանիքներու ունեցած կալուածներուն, ապարանքներուն եւ հարստութիւններուն մասին։  Կ’անդրադառնայ նաեւ Թուրքիոյ «լքուած կալուածներու օրէնք»-ին, ինչ որ նոր հետաքրքրութիւն մը սկսած է բերել բոլոր այն հայերուն մօտ, որոնք տակաւին իրենց մեծ հայրերէն մնացած ունին օրինաւոր կալուածական վաւերագրեր ու այլ փաստաթուղթեր։  Անշուշտ՝ որքան կարելի է վստահիլ զանոնք յանձնելու թուրք փաստաբաններու … այդ ինքնին արդէն ուրիշ մտահոգութիւն մը կրնայ յառաջացնել ժամանակի ընթացքին։  Սակայն եւ այնպէս այդ օրէնքին սահմանին մէջ, ըստ դասախօսին, տակաւին կը պաշտպանուին հայոց կալուածական իրաւունքները, տարբեր հարց՝ թէ ո՞ր հայը պիտի ուզէր այս օրերուն երթալ հօրենական ծննդավայր ու իր ընտանիքին հետ հաստատուիլ իր պապենական կալուածին վրա …։

Պարոն Քուրթ շուտով պիտի պաշտպանէ իր դոկտորականը Գլարք Համալսարանի պատմաբանութեան ճիւղին մէջ, մինչ այդ ան դասախօս է Իսթանպուլի Սապանճի Համալսարանէն ներս։  Համակրելի եւ համոզիչ իր երեւոյթով ու ներկայացումով՝ ան մասամբ վստահութիւնը կրցաւ ունենալ ներկաներուն մէկ մասին։  Ըսենք, որ նիւ եորքաբնակ նախկին պոլսահայեր ու թրքահայեր են, որոնք նախաձեռնարկ կ’ըլլան նման թուրք պատմաբաններու եւ մտաւորականներու համար տալու դասախօսութիւններ՝ առիթ ստեղծելով զանոնք ներկայացնելու հայ հանրութեան եւ գտնուելու մեր շրջանակներէն ներս։

Պրն. Նուրհան Պեճիտեան կատարեց բացման խօսքը եւ ներկայացուց հիւր բանախօսը։  Նուրհան նախկին թրքահայ է եւ ունի մօտիկ յարաբերութիւններ թուրք լայնախոհ մտաւորականներուն հետ։  Քանի մը ամիս առաջ ան կրցած էր իրագործել Ճեմալ Փաշային թոռան դասախօսութիւնը այս գաղութէն ներս։

 Քուրթի հետ այս հանդիպման համար մի քանի համախոհ միութիւններ միացած էին կազմակերպելու զայն, ինչպէս` Թէքէեան մշակութային միութիւնը, Հ.Բ.Ը.միութիւնը, Վարդանանց ասպետներու եղբայրակցութիւնը, Հայ ուսանողաց միութիւնը։

 Առիթ տրուեցաւ, դասախօսութեան աւարտին ներկաներուն տալու հարցեր, որոնց ան պատասխանեց։

Յակոբ Վարդիվառեան

Նիւ Եորք

unnamed unnamed (1)

Scroll Up