Ցեղասպանութեան «Քլոյեան» Հաւաքածոն Տրամադրելի Է Ֆրեզնոյի Համալսարանի Գրադարանէն

Հայկական Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի հիմնադիր Ռիչըրտ Քլոյեանի կազմած հաւաքածոն, որ Քլոյեանի մահէն ետք անոր այրիին կողմէ նուիրուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն ներս գործող Հայագիտական ծրագիրին, այսուհետեւ ուսանողներու եւ ուսումնասիրողներու համար տրամադրելի պիտի ըլլայ համալսարանի «Հենրի Մետըն» գրադարանի Յատուկ հաւաքածոներու բաժանմունքէն, շնորհիւ այդ բաժանմունքին, համալսարանին ու Հայագիտական ծրագիրին միջեւ գոյացած համաձայնութեան:

1937ին Տիթրոյիթ ծնած Քլոյեանը իր ջանքերով եւ միջոցներով մէջտեղ բերած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնը եւ խմբագրած 1980ականներուն լոյս տեսած Հայկական Ցեղասպանութեան մասին «Նիւ Եորք Թայմզ»ի եւ այլ թերթերու հրատարակած յօդուածներու ժողովածուն, որուն վերջին եւ ընդարձակուած օրինակը լոյս տեսաւ 2007ին՝ ընդգրկելով նաեւ Համիտեան եւ Ատանայի ջարդերուն մասին լրատուութիւններ: Քլոյեան նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու պետական վարժարաններուն մէջ Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ապահովելու աշխատանքին մէջ եւ խմբագրած էր շարք մը վաւերագրական գործեր՝ Միացեալ Նահանգներու Հանրային ձայնասփիւռի կայանին համար: Ան խմբագրած է 1919ին արտադրուած, ապա անհետացած եւ վերջերս միայն բացայայտուած Ցեղասպանութեան մասին առաջին շարժապատկերին՝ «Ravished Armenia»ի, 24 վայրկեաննոց մէկ բաժինը: Քլոյեան նաեւ խորհրդատու էր Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին, իսկ 2002ին մեծարուած էր Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, իբրեւ «Տեղացի Հերոս»:

2010ին մահացած Քլոյեանի հաւաքածոյին մէջ կան 1889էն 2003ի միջեւ Ցեղասպանութեան մասին նիւթեր, որոնց ցուցադրութեան պատրաստութիւնը կատարուած է ուսանող Փօլեթ Ալաթրիսթէի կողմէ, Յատուկ բաժանմունքներու վարիչ Թեմի Լաուի եւ Հայագիտական ծրագիրի փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի ցուցմունքներով:

asbarez.com

Scroll Up