Աւստրալիան Բարոյական եւ Իրաւական Պարտաւորութիւն Ունի Կասեցնելու Քեսապի Մէջ Թուրքիոյ Սադրիչ Գործողութիւնները. Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբ

Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը նամակ յղած է Աւստրալիոյ ԱԳ նախարար Ճուլի Պիշոփին` Աւստրալիոյ կառավարութենէն խնդրելով Թուրքիոյ ստիպել «անմիջապէս դադրեցնել Ալ-Քաիտային առընթեր տարբեր արտաքին զինեալներու ընթացիկ յարձակումները, որոնց թիրախի մէջ յայտնուած է գլխաւորապէս հայերով բնակուած սուրիական Քեսապ աւանի խաղաղ բնակչութիւնը»:

Աւտրալիոյ կոչ ուղղուած է ի գործ դնելու իր յառաջատար դիրքը միջազգային համայնքի մէջ` վերջ տալու համար յարձակումներու ալիքին:

Աւստրալիան, իբրեւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին մէջ նախագահած երկիր, բարոյական եւ իրաւական պարտաւորութիւն ունի կասեցնելու Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւնները եւ վերջինի ցուցաբերած աջակցութիւնը ծայարյեղական խումբերուն:

«Թուրքիոյ աջակցութիւնը Ալ-Քաիտային առընթեր արտաքին զինեալներուն եւ յարձակումները Սուրիոյ անմեղ քաղաքացիներուն վրայ միայն կը խոչընդոտեն աւելի քան երեք տարի հակամարտութիւններու ցասման մէջ գտնուող երկրին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու միջազգային հանրութեան ջանքերը: Թուրքիոյ գործողութիւնները 1915-1923 թուականին հայերու, ասորիներու, յոյներու նկատմամբ Օսմանեան թուրքերու իրականացուցած կոտորածներու դառն յիշեցումն են տարածաշրջանի եւ աշխարհի հայութեան համար»,- նշուած է Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբին յղած նամակին մէջ:

«Մենք չենք կրնար անգործ նստիլ եւ թոյլ տալ պատերազմի անուան տակ բացայայտ խախտելու մարդու իրաւունքները: Աւստրալիան պէտք է ձեռնարկէ որեւէ բան, իսկ Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը կը խոստանայ ընել հնարաւոր ամէն ինչ պաշտպանելու մեր համայնքի անդամներուն շահերը, որոնցմէ շատերը բարեկամներ ու հարազատներ ունին Քեսաի մէջ»,- իր հերթին ըսած է Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան:

www.yerakouyn.com

Scroll Up