Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Մեծ Թիւով Նախարարներու
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան նախորդ երկու շաբաթներուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը լիբանանցի նախարարներու հետ:
Իր հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ դեսպան Քոչարեան այցելեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի:
Դեսպան Քոչարեան նախարարներուն հետ քննարկեց Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւնները, երկու կողմերը հետաքրքրող հարցերը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Երկրագործութեան նախարարին հետ հանդիպումին ընթացքին նշուեցաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը խրախուսէ Հայաստանի մէջ կատարուող ներդրումները եւ կ՛ողջունէ Հայաստանի մէջ կազմակերպուող գիւղատնտեսական ուտելիքներու արտադրութիւններու ցուցահանդէսներուն Լիբանանի մասնակցութիւնը:
Կրթութեան նախարարին հետ հանդիպման ժամանակ կարեւոր նկատուեցաւ ուսանողներու փոխանակման, վերաորակաւորման դասընթացքներու կայացման եւ կրթական մարզի պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններուն անհրաժեշտութիւնը:
Նախարար Միշել Ֆարաոն եւ դեսպան Քոչարեան կարեւոր նկատեցին զբօսաշրջութեան խթանումը երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ:
Իսկ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի ողջունեց Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի մասնակցութիւնը «Պուսթան» միջազգային փառատօնին. համերգները նախատեսուած են 19, 21 եւ 23 մարտին: