Հայոց գոյքերուն մասին նոր գիրք կը պատրաստուի

Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը Նոյեմբեր 22-ին կը գրէր, թէ փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու ձեռնարկած է Հայոց կողմէ լքուած գոյքերուն նուիրուած նոր հատորի մը պատրաստութեան: Ան այս աշխատասիրութեան համար ստացած է խորհրդարանական տոմարները ուսումնասիրելու արտօնութիւն:

Էլպէյօղլու յայտարարած է, թէ քրքրած է «Էմվալ-ի Մէթրուքէ» օրէնքին վերաբերող թրքական եւ օսմանեան թղթածրարները: «Էմվալ-ի Մէթրուքէ»ն այն օրէնքն է, որ 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք կը «կարգաւորէ» Հայոց լքած գոյքերուն վերաբերող իրաւունքները:

Հեղինակը աւելցուցած է նաեւ որ գործը գլուխ հանելու համար հարկ եղած է մինչեւ 500 տարի յետահայեաց պրպտումներ, հաւաստելով նաեւ թէ փաստաթուղթերը շատ լաւ պահպանուած են:

Ինչ կը վերաբերի այդ գոյքերու բուն տէրերուն շառաւիղներուն կողմէ զանոնք վերստանալու նպատակով դատական հետապնդումներու հաւանականութեան, փաստաբանը ըսած է, թէ այդպիսի քայլերու շատ յաճախ կը դիմեն Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, հետեւաբար «անստանալի» կը մնան անոնք: Էլպէյօղլու որպէս օրինակ տուած է սփիւռքահայ այն ընտանիքին բացած դատը, որ կը պահանջէր վերադարձը իր պապերուն Ատանայի հողերուն, ուր այսօր կառուցուած է Ինճիրլիքի ամերիկեան խարիսխը: Ան ըսած է, թէ այդ դատը կրնար դրական ելքի մը յանգիլ միայն  եթէ անոր ձեռնարկած ըլլային Թուրքիոյ մէջ:

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up