Ցեղասպանութենէն վերապրածներու վկայութիւնները՝ թրքերէնով

Ռակըփ Զարաքօլուի «Պելկէ» հրատարակչատունը նոր ու ստուար հատոր մը եւս հրատարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այս անգամ ան ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ, գիտնական ու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նիւթերու մասնագէտ Վերժինէ Սվազլեանի լայնաշունչ մէկ գործը, որ կը բովանդակէ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու յուշեր, վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ այդ տառապալից շրջանին մասին յօրինուած հայերէն ու թրքերէն երգեր:
ՎերժինԷ Սվազլեանի այս գիրքը 55 տարիներու աշխատանքի մը արդիւնքն է: Թէեւ հոն խօսողները այլեւս ողջ չեն, բայց հեղինակը մէկ երկրէն միւս երկիրը շրջելու ընթացքին հաւաքած է անոնց վկայութիւնները ու տեսողական փաստաթուղթերու վերածած զանոնք՝ այդ վկայութիւնները բառ առ բառ թուղթին յանձնելով:
Հատորին թարգմանութիւնը կատարած են Տիգրան Տէր Ողորմեաճեան եւ Պետրոս Չաւիքեան:
«Նոր Յառաջ»