(Արևմտահայերեն) Արուէստագէտ Հայուհիի մը Արուեստի Յաղթական Մկրտութիւնը

Լիբանանահայ արուեստի աշխարհին մէջ իւրայատուկ տաղանդով օժտուած Լենա Այտընեանի անունը բազմաթիւ անգամ յեղեղուած է լիբանանահայ ու նոյնիսկ օտար մամուլին մէջ: Լենայի զմայլելի տաղանդը փայլած է գրեթէ իւրաքանչիւր հաւաքական թէ բարեգործական ցուցահանդէսներու, որոնց իր սիրայօժար մասնակցութիւնը ընծայած է ան: Լիբանանեան տեղական լրատուամիջոցները գովեստով յիշած են յաջողութիւնը՝ այն միակ հայիին, որ առանձնայատուկ տեղ գրաւած էր այս տարի «ԵՈՆԵՍՔՕ»ի մէջ կազմակերպուած այն զոյգ  համա-արաբական ցուցահանդէսներուն, որոնց իր նուրբ ու գեղեցիկ արուեստով մեծապէս տպաւորած էր արուեստասէր ակնդիրները:

Հակառակ այն իրողութեան որ Լենան գիտական ու քիմիագիտական ճիւղերու մէջ մասնագիտացած է, սակայն երբեք չէր զլացած ու խորապէս իր ազնիւ արուեստին սիրովը խանդավառուած էր  պատանեկութեան օրերէն ի վեր:Արուեստի աշխարհին հետ իր առաջին շփումները Լենա կ’ունենայ տեսնելով իր մեծ հօր` դամասկահայ գեղանկարիչ Սահակ Ոսկեանի գեղանկարչական ստեղծագործութիւնները: Ընտանեկան պարագաներով՝ Այտընեան, Ոսկեան եւ Եագուպեան գերդաստաններու քաջալերանքովն արբեցած, Լենայի ներաշխարհին մէջ կը խմորուի սէրը նուրբ արուեստին հանդէպ:

Այս տարեշրջանին Լենային արուեստագիտական յայտագիրը ճոխ եղած էր, ի մտի ունենալով որ ան իր մասնակցութիւնը բերած էր բազմաթիւ ցուցահանդէսներու: Լենային հոգեկան աշխարհին մէջ իւրայատուկ կերպով շեշտուած է սէրը լիբանանեան հայրենիքին նկատմամբ եւ ան միշտ ալ հպարտութեամբ արտայայտուած է իր ծնունդով հայ լիբանանցի ըլլալու մասին: Լիբանանեան բանակին արձանագրած իւրաքանչիւր յաղթանակ քաջարի նուաճում մըն է իրեն համար, հետեւաբար ան անյապաղ ընդառաջած էր ԵԸՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ կազմակերպուած «Մունդատա Ալուան» ցուցահանդէսի հրաւէրին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին լիբանանցի արուեստագէտներ, որոնք վերյիշելով 1986-ին «Մարինզ»ի ուժերու կեդրոնին վրայ կատարուած ներխուժումն ու  պայթումը, իրենց վրձինի երփներանգ հարուածներով յաջողած էին քաջութեամբ թափանցել «յաջողութեան պատեր»ը ու անցնիլ սահմանները նոյնիսկ բռնագրաւեալ տարածքներուն: Իր մասնակցութեամբ Լենան կ’ուզէր ապացուցել այն  իրողութիւնը, թէ գոյներու աշխարհին մէջ կ’իրականանան բոլոր երազանքներն ու ցանկութիւնները, կ’արտացոլացնեն պայքարի ազնիւ ոգին, որ կրնայ ոչ միայն փշրել բիրտ կապանքները, այլեւ արձանագրել նորանոր յաղթանակներ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ կազմակերպուած «Արեւելքի Աստղ»՝ Ըմ Քալթումի մահուան քաառասնամեակին ոգեկոչման ձեռնարկին առիթով, Միջին Արեւելեան 4Օ արուեստագէտներու կողքին,  Լենան  (միակ հայ) իր մասնակցութիւնը բերած էր 100x 80 իւղաներկ կտաւով մը, որ ոչ միայն արժանացաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի յատուկ գնահատանքին, այլեւ որոշում կայացաւ իր ստեղծագործութիւնը զետեղել Ըմ Քալթումի տուն թանգարանին մէջ՝Եգիպտոս: Լիբանանի, Դամասկոսի եւ Լոնտոնի ցուցահանդէսներուն մէջ ցուցաբերած իր մասնակցութիւններու կողքին, Լենա կը պատրաստուի յառաջիկայ «սոլօ» ցուցահանդէսի մը Լիբանանի մէջ: Ան այժմէն իսկ հրաւէր ստացած է իր մասնակցութիւնը բերելու Սեն Ժոզէֆ համալսարանի դեղագործութեան բաժանմունքի 125-ամեակին առիթով նախատեսուող գեղանկարչական ցուցահանդէսին` իբրեւ այդ բաժանմունքի շրջանաւարտ դեղագործուհի:Արդարեւ, Հայկազեան համալսարանի Մաթոսեան ցուցասրահին մէջ արուեստագիտուհի Լենա Այտընեան, արուեստասէր հասարակութեան դարձեալ ներկայացաւ իր հերթական ցուցահանդէսով: Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ 5  Յունիս, 2015ին, եւ որ պիտի գործէ մինչեւ 16 Յունիս: Այնտեղ ցուցադրուած են արուեստագիտուհիին 42 նոր գործերը, որոնք գնահատանքին արժանացան արուեստասէր հասարակութեան:

Ցուցահանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին լիբանանահայ յայտնի արուեստագէտներ՝ Հրայր, Գրիգոր Ակոբեան, Լիւսի Թիւթիւնճեան, Յարութիւն Թորոսեան, Լիոնի Բիլարդ, Միրէյ Կոկիկեան եւ այլ լիբանանցի արուեստագէտներ, որոնք եկած էին իրենց գնահատականներով մկրտելու Լենայի արուեստի գործերը:

Ցուցահանդէսին իր ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Միրա Եարտըմեան՝ Համալսարանի հանրային յարաբերութիւններու պատասխանատուն: Ան հպանցիկ ակնարկով մը անդրադարձաւ ցուցասրահի անուանակոչումին, որ 2002էն ի վեր, շնորհիւ նորոգ հանգուցեալ Տիկ. Մակի Մաթոսեանի նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան ցուցասրահը արժանավայել կերպով կը կրէ իր անունը: Ան ներկայացնելէ ետք արուեստագիտուհիին կտրած արուեստի ճանապարհը իր 5 «սոլօ» եւ 50 խմբային ցուցահանդէսներուն ընդմէջէն, հրաւիրեց լիբանանցի-Աւստրալիացի արուեստագիտուհի Տալալ Ֆարահը, որ իր կարգին ներկայացնէ Լենան բնութագրող հոգեկան աշխարհը իր արուեստագէտի բնորոշումով:

Ինչպէս նախորդ ցուցահանդէսներուն, այս անգամ եւս Լենա հրապարակ եկաւ ստեղծագործական նոր խօսքով մը, թարմ գոյներ եւ հոգեպարար շունչ հաղորդելու արուեստասէր մարդուն: Լենայի ստեղծագործական ներաշխարհը անսահմանափակ է: Հոն են իր կեանքը իմաստաւորող բոլոր շարժող առարկաներն ու երեւոյթները: Հոն է մարդ անհատը իր չնաշխարհիկ տարերքով, իր անվերջ մտահոգութիւններով ու լուռ խոկումներով: Իրապաշտ կեանքը արտացոլացնելու համար Լենա դիմած է բազմապիսի երեւոյթներու նկարագրելով՝ բնութիւն, մարդիկ, սէր, տառապանք, նոյնիսկ իր անհունը, եւ այս բոլորը՝ այնքան պարզ ու նրբին, կարծես ի՛նք ալ տեղ-տեղ ձուլուած պատկերին խորհրդաւորութեան մէջ, բացայատելու համար նաեւ իրական աշխարհն ընկալելու մարդուն անառարկելի կարողութիւնները:

Լենայի գործերուն մէջ գերիշխող տարրեր են բարին ու վսեմը: Իր հաւաքածոներուն մէջ կրնանք գտնել պատկերներ, ուր ուրուագծուած ուրախ պահերը տխուր տրամադրութենէ ժայթքած են՝արուեստագէտին իւրայատուկ արտայայտչամիջոցներով: Այդպիսի պահերու ընթացքին, նկատելի է Լենային սլացիկ թռիչքը բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան հետ, որոնք կ’օգնեն անոր վերացնելու տրտմաթախիծ գոյները եւ նոր փայլք կու տան անոնց դիմագիծին: «Առաջարկ», «Իրականութենէն Անդին», «Շողշողացող Ոգին» եւ «Մխիթարութիւն» գործերուն մէջ կը նկատենք, թէ հակառակ աշխարհի չար ու բարիընթացքին, լաւատեսութիւնը միշտ առկայ է իր բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ:

Լիբանանահայ արուեստագիտուհիին գրեթէ բոլոր գործերուն մէջ գոյութիւն ունի կին արարածը: Բնութեան, Հայրենիքի, մարդկութեան, սիրոյ, նոյնիսկ տառապանքի մասին արտայայտուելու ընթացքին, արուեստագիտուհին անպայմանօրէն կինը կը վերցնէ իբրեւ կեդրոնական դէմք, որ յաճախ ալ կարծես մեղմութիւն, ինչու չէ նա՛եւ նոր իմաստ կու տայ նկարագրուող պատկերին ու բովանդակութեան: «Զղջում», «Կինը Երկունքի Մէջ», «Մեղքը», «Մենութիւն» եւ «Խորտակուած Արցունք» գործերուն մէջ Լենան յաճախ կնոջ եւ բնութեան միջեւ զուգահեռներ կ’ընդգծէ, զանոնք իրարու նմանցնելով: Իր բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ խոր ճիչ մը կայ պատերազմներու, վայրագութիւններու եւ կոպտութիւններու նկատմամբ: Խոր ցասում կայ եւ  կոչ կ’արձակէ խաղաղութեան, արդարութեան, անկեղծութեան ու սիրոյ: Ան յաճախ իր գործերուն ընդմէջէն ակնդիրին անդրադարձնել կու տայ մարդ էակին տառապանքին, հալածանքին ու հոգեկան աղքատութենէն դէպի ազատագրում ձգտելու թեմաներուն: Այս առումով «Խորհրդածութեան Շերտեր»ը, «Ալեկոծ Արտացոլում», «Ծաղկող Յոյսեր», «Փոթորկոտ Տրամադրութիւն»  իւղաներկ պատկերները ինքնատիպ գործեր են:

Լենա Այտընեանի արուեստի գործերը, անկասկած, իրենց ուրոյն տեղը ունին սփիւռքահայ եւ առհասարակ հայ գեղանկարչութեան մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ո՛չ միայն ներդաշնակ գոյներու մաքուր հայելին է, այլեւ արուեստի իրական ստեղծագործութիւն մը:

Ակնդիր արուեստասէր հասարակութիւնը շատ ստէպ պիտի ծափահարէ Լենա Այտընեանը եւ իրեն արժանի կերպով պիտի գնահատէ ու մաղթէ նորանոր յաղթանակներ:

ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Scroll Up