ԼԵՄ-ի Նախաձեռնութեամբ` Ապրիլեան Ոգեկոչումներ
Ահա 99 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն, եւ անոր ժխտումի քաղաքականութիւնը կը շարունակուի: Հայ ժողովուրդը տասնեակ տարիներէ ի վեր կը պայքարի իր իրաւունքներուն, հատուցման եւ պատմական Հայաստանի վերականգնումին համար: Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ հսկայ դեր ունեցած է եւ տակաւին ունի երիտասարդութիւնը, մասնաւորապէս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը, որ վրէժխնդրութեան շունչով պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը:
Ոգեկոչման աշխատանքներու լայնածաւալ ծիրին մէջ, կարեւոր տեղ կը գրաւեն ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի` տարբեր շրջաններու մասնաճիւղերու կազմակերպած ժողովրդային ձեռնարկները, որոնցմէ կը նշենք.
16 ապրիլ 2014, ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի խաղավայր:
21 ապրիլ 2014, ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ, քայլարշաւ` Նահակատաց հրապարակէն Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակ, ուր տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման ձեռնարկ:
22 ապրիլ 2014, ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ, Նոր Ամանոսի Նահատակաց հրապարակ:
23 ապրիլ 2014, ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ հսկում Աւետարանական եկեղեցւոյ Հետվիկ սրահին մէջ, ապա քայլարշաւ դէպի Ս. Պօղոս եկեղեցի (Այնճար):
25 ապրիլ 2014, ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի ձեռնարկ` Ֆանարի մատրան կից:
Լիբանանահայ մեր գաղութը եւ մասնաւորապէս հայ երիտասարդը կը հրաւիրենք մասնակցելու վերոյիշեալ ձեռնարկներուն` անգամ մը եւս օծուելու պայքարի, վրէժի եւ աննկուն կամքի ոգիով:
ՀՅԴ-ԼԵՄ