«Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Արխիւներ Միջին Արեւելքի Մէ»ջ Նիւթով Դասախօսութիւն

Կիրակի, Յունուար 19ին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214), յաւարտ Ս. պատարագի տեղի պիտի ունենայ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած 2014ի անդրանիկ դասախօսութիւնը:
Օրուան դասախօսն է դոկտ. Վահրամ Շամմասեան, որ հանգամանօրէն պիտի ներկայացնէ հայ ժողովուրդը մօտէն հետաքրքրող վաւերագրական կարեւոր նիւթ մը՝ «Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայկական արխիւներ Միջին Արեւելքի մէ»ջ:
Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին, հայ ժողովուրդը՝ ի Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռս աշխարհի, կը ծրագրէ մեծ շուքով ու ամենատարբեր բնոյթի միջոցառումներով մեր նահատակներուն ձայնը լսելի դարձնել արար աշխարհին: Անկասկա՛ծ, Միջին Արեւելքի արխիւներու ուսումնասիրութիւնը՝ Հայաստանի եւ այլ կեդրոններու արխիւային տուեալներուն հետ միասին, պիտի դառնայ անհրաժեշտութիւն մը՝ հետապնդելու եւ բարձրակէտին հասցնելու համար մեր պահանջատիրութեան ճանաչումն ու արդար իրաւունքներու հատուցումը: Դասախօսութեան կիզակէտը պիտի ըլլայ աշխարհագրական մեծ տարածութիւն ընդգրկող Միջին Արեւելքը, ուր գոյութիւն ունին Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող մեծ արխիւներ:
Դասախօսութեան ընթացքին, մանրազննին պիտի քննարկուին Գահիրէի Ազգ. առաջնորդարանի եւ ՀԲԸՄի, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան, Անթիլիասի Կիլիկեան Ս. աթոռի եւ Հալէպի Ազգ. առաջնորդարանի արխիւային տուեալները: Տեղեկութիւններ պիտի տրուին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող հայ գաղթօճախներու արխիւներէն:
Դոկտ. Վահրամ Շամմասեան, գործակից փրոֆեսէօր եւ տնօրէն է Հայկական ուսումնական ծրագիրներու ժամանակակից դասական լեզուներու եւ գրականութեան բաժանմունքի՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ: Նաեւ, ունի դոկտորի փիլիսոփայութեան (Ph.D.) վկայական՝ պատմութեան ճիւղին մէջ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA):
Դոկտ. Շամմասեան ղեկավարած է 35 պետական եւ ոչ պետական արխիւային ընդարձակ ուսումնասիրութիւններ՝ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի մէջ, հաւաքելով լայն տեղեկութիւններ Մուսա Լերան հայութեան, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ Հայկական Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն մասին: Ան ունի տպագրուած յօդուածներ, տուած է դասախօսութիւններ եւ մասնակցած է բազմաթիւ գիտաժողովներու: Իր վերջին գործը՝ «Հայկական Ցեղասպանութենէն Փրկուածները Սուրբ Երկրին Մէջ՝ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի Աւարտին», տպագրուած է 2012ին, Հայաստանի մէջ: Ան այժմ կ՛ամբողջացնէ Մուսա Լերան հայերուն 1919-1939 թուականներու ընկերամշակութային պատմութեան աշխատասիրութիւնը: 2010ի ամրան, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է «Ուիլեըմ Սարոյեան» շքանշանով, հայ մշակոյթի զարգացման եւ պահպանման մէջ իր ունեցած մեծ ծառայութիւններուն համար:
Դասախօսութեան մուտքը ազատ է:

http://asbarez.com/

Scroll Up