Հայ Կինը Մեծ Դեր Ունի Կատարելիք՝ Յանուն Հայ Ժողովուրդի Անժամանցելի Իրաւունքներուն. Վիգի Մարաշլեան

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան  ատենապետուհի  Վիգի Մարաշլեան ողջոյնի խօսքը՝ արտասանուած «Հայ կինը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովին։

Կարծես երէկ էր երբ Եղեռնի Յիսնամեակին, հայութիւնը, համատարա’ծ, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները, միակամ ու միաբերան, վերջ դրաւ ողբ ու կոծին եւ տարաւ իր արդար Դատը եկեղեցւոյ դարպասէն քաղաքական կրկէս, ոչ որպէս մարտիրոսացած ժողովուրդ այլ որպէս վերազարթնող ազգ, պատրա’ստ ամէն զոհողութեան, պատրաստ պայքարելու, որպէս արդարութեան ու յատուցման պահանջատէր, մինչեւ վերջնական յաղթանակ:

Միթէ՞ հարկ կայ յիշեցնելու, թէ այս ճակատագրական պայքարին մէջ, մեր ազատագրական մարտնչումներու սկզբնական օրերէ’ն իսկ, մե՜ծ եղաւ հայ կնոչ դերը, կանգո’ւն իր գաւկին ու ամուսնուն կողքին, կրելով բռնատիրութեան ամենադաժան հակադարձութեան աննկարագրելի բեռը:

Մարդկութեան դէմ գործուած այս ահաւոր ոճիրէն հարիւր տարի ետք, յետադարձ ակնարկ մը մեզ կը բերէ այն եզրակացութեան, թէ Մեծ Եղեռնին «ցեղասպանութիւն» բնորոշումը հազիւ թէ կարենայ պարփակել իր մէջ տարողութիւնը այն ահարկու սպանդին որ փոքրամասնութիւն մը ոչնչացնելէ շատ անդին, ամբողջ ազգութիւն մը, իր դարաւոր հայրենի հողերուն վրայ իսկ, իր հազարամեայ մշակոյթով, անհամար կառոյցներով ու կոթողներով անհետ փոշիացնելու անանուն եւ աննախընթաց փորձ մըն էր, որ, ըստ Ուինսթըն Չըրչիլի իսկ վկայութեան՝ ո’չ մէկ բառ ամբողջովին կարող է նկարագրել:

105 տարիներ առաջ, Մեծ Եղեռնի վաղորդայնին, կարծես կռահելով գալիք աղէտը, ազատագրական պայքարի ակնառու ռահվիրայ, Ակնունին, ծննդեան անունով՝ Խաչատուր Մալումեան, ի մի բերելով ամերիկահայ կիներու առանձին գործող այլազան, մեծ ու փոքր միութիւնները, Նիւ Եորքի մէջ հիմը դրաւ կազմակերպութեան մը, որ կոչուած էր դառնալու հայ կիներու ամենամեծ բարեսիրական միութիւնը’ որուն յետ-Եղեռնեան մարդասիրական լայնածաւալ գործուն էութիւնը ծանօթ է բոլորին, հայ թէ’ օտար, իր անսակարկ նուիրումով եւ աննախընթաց հետեւողականութեամբ՝ ի խնդիր հայապահպանման իր ծրագիրներուն իրականացման:

Այսօր, անկայուն աշխարհամասի մը աննպաստ սահմաններուն մէջ շրջապատուած, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ամբողջական հայութեան հետ միացած, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք իսկ, ստիպուած է պայքարիլ ի խնդիր մեր համազգային ե’ւ համամարդկային իրաւունքներուն արդարացի ճանաչման ու վերջնական իրականացման:

Այս ներկայ պայքարին մէջ, ինչպէս անցեալին, մեծ դեր ունի կատարելիք հայ կինը, իր ամբողջական կարելիութիւնները ի գործ դնելով յանուն հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն՝ որպէս հինուց ի վեր մշակոյթ կառուցող քաղաքակիրթ հաւաքականութիւն:

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման այս հանդիսաւոր պահուն, պարտինք նոյն հաւատքով ու նուիրումով գօտեպնդուիլ ու նորիցս նուիրուիլ անխախտ հաւատքով, անհատ թէ’ կազմակերպութիւն, յանուն մեր ներկայ ու գալիք օրերու պահանջատիրական համազգային մեր պայքարի յաղթանակին:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ Ապրիլ 17-ին մեկնարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը՝ «Հայ կինը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ» խորագիրով:

Scroll Up