Օլանտ Ապրիլ 24-ին կը մեկնի Երեւան. Ֆրանսայի ԱԳՆ

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ կը մասնակցի Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն:
Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի ԱԳՆ ներկայացուցիչ Ռոմէն Նատալը:
«Հանրապետութեան նախագահը Ապրիլ 24-ին կը մեկնի Երեւան, որպէսզի իր յարգանքը մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին»,-այսօր` Ապրիլ 15-ին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Նատալը: Անոր խօսքով` տարբեր յիշատակի ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին նաեւ Ֆրանսայի մէջ` մշակութային կազմակերպութիւններու ու տեղական իշխանութիւններու կողմէ, Արցախփրէսի փոխանցմամբ` կը յայտնէ «Ռիա Նովոստին»: