Թուրքիան Ետ Կանչած է Վատիկանի Իր Դեսպանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/ankara-300x166.jpg)
Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած պատարագի իր քարոզին մէջ Հռոմի Ֆրանսիս պապը արտասանեց «ցեղասպանութիւն» բառը՝ Հայոց Մեծ եղեռնը համարելով 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ»։
Հռոմի Պապի այս ելոյթին պատճառով Թուրքիան ետ կանչեց Վատիկանի իր դեսպանը՝ «խորհրդակցութիւններու» համար: