Քնեսէթի պատուիրակութիւնը Ապրիլ 24-ին կ’այցելէ Հայաստան

Իսրայէլի խորհրդարանի` Քնեսէթի, պատգամաւորներու պատուիրակութիւնը կ’այցելէ Հայաստան` Ապրիլ 24-ին մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն:

Կը նշուի, որ այդ այցելութիւնը չի նշանակեր, որ Իսրայէլը փոխած է իր պաշտօնական քաղաքականութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով;

NEWSru.co.il-ի փոխանցմամբ` նախօրէին նախաձեռնող խումբը ստորագրահաւաք  սկսած է, որմով կոչ կ’ընէ Իսրայէլին պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Յանձնագիրը գրուած է երեք լեզուներով` անգլերէն, եբրայերէն եւ ռուսերէն:

Scroll Up