ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ապրիլ 12-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած պատարագը բնորոշեց իբրեւ հոգեցունց, հոգեպարար, անկրկնելի պատմական երեւոյթ
Իտալիայէն վերադառնալով Հայաստան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ապրիլ 12-ին Վատիկանի մէջ Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի կողմէ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ մատուցուած պատարագը բնորոշեց իբրեւ հոգեցունց, հոգեպարար, պատմական երեւոյթ:
Անդրադառնալով Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի ելոյթին ան յատկապէս շեշտեց այն իրողութիւնը, որ Պապը Հայոց ցեղասպանութիւնը համարեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, որ հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուած են իրենց հաւատքի եւ ազգային պատկանելութեան համար: Ոճրագործութիւնը յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը, իսկ ծածկել յանցանքը կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի առանց դարմանելու:
Նախարարը ընդգծեց նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի տպաւորիչ, ազգային եւ տեղին համար շատ բնորոշ ելոյթները, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մէջ ՀՀ դեսպան Միաքայէլ Մինասեանի արդիւնաւէտ, աշխոյժ եւ օգտակար գործունէութիւնը: Ձեռնարկները իրականացուեցան ՀՀ Նախագահի Իտալիա կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս: Եւ երկրի նախագահի, Կաթողիկոսներու եւ կաթոլիկ աշխարհի քահանայապետի ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ պատարագը ունեցաւ պատմական, համաշխարհային նշանակութիւն ու հնչեղութիւն: Հայ ազգը եւ պետութիւնը եւս մէկ քայլով համախմբուեցան եւ պիտի շարունակեն պայքարը հայ դատը վերջնական նպատակին հասցնելու համար,- ըսաւ նախարարը:
Տեղեկացնենք, որ մինչ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած պատարագը, նախարարը ներկայ գտնուած է նաեւ Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ կարտինալ Սեպէի կողմէ մատուցուած եկեղեցական արարողութեան ու Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի` Ջուղայի խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակ խաչքարի բացման եւ օծման արարողութեան: