Ուրուկուէյի Մէջ Հայ Երիտասարդներու Լուռ Ցոյցը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Համար

Կազմակերպութեամբ Մօթևիտէոյի հայ երիտասարդական միութիւններուն, 26 Մարտի երեկոյեան, Հայոց Ցեղասպանութեան Հրապարակի տարածքին, տեղի ունեցաւ լուռ ցույց մը որու ընթացքին մասակից երիտասարդները յատակին նստած և իրենց բերանները կարմիր երիզներով կապած, տպաւորիչ  ցոյց  մը կատարեցին որ ուշադրութիւնը գրաւեց անցորդներուն, մինչ կարգ մը երիտասրդներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին թերթոններ կը բաժնէին բազմաթիւ անցորդներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ աւելի տեղեկութիւններ կը փափաքէին ունենալ Ցեղասպանութեան մասին: Այս մասին կը յայտնէ Ուրուկուէի մեր գործընկեր Կարօ Հէքիմեան։

Տղաքն ու աղջիկները իրենց հետ ունէին պաստարներ որոնց վրայ  գրուած էր “Կը զօրակցինք աշխարհի մէջ բոլոր ինկածներու հետ “, “Ոչ մարդու իրաւունքներու խաղդումներուն”, “Հայոց Ցեղասպանութիւն բնաւ երբէ՛ք”։

Աւելցնենք որ Հայոց Ցեղասպանութեան Հրապարակի տարածքը կը գտնուի զբոսաշրջիկներու յատուկ շրջանի մը մէջ, ինչ որ առիթ կ՛նծայէ մեր երկիրը այցելողներուն ևս իրազեկ պահել մեր դատին և պահանջատիրութեան։ Մեր երիտասարդներու այս ձեռնարկը արձագանգ գտաւ նաև տեղական զանգուածային մամուլի կողմէ։

Այս ձեռնարկը առաջինն է նմանատիպ ծրագիրներու, որոնք իրենց շարունակականութիւնը պիտի ունենան ամբողջ 2015 տարուայ ընթացքին։

Scroll Up