Romait. Հայերը ազգն են Արարատի, որմէ կրկին սկիզբ առաւ աշխարհը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/default-300x225.jpg)
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցը Իտալիա մեծ աջակցութիւն է տեղի հայ համայնքի համար, որ կը պատրաստուի նշել Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, News.am-ի տեղեկացմամբ կը գրէ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի տեղեկատուական կայքը` Romait-ը:
Եւրոպայի դռներու առջեւ տեղի ունեցած 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան զոհ գնաց 1.5 մլն մարդ, կը գրէ պարբերականը:
“Պէտք չէ մոռնանք. հայերը առաջինն էին, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեցին իբրեւ պետական կրօն: Հայերը ազգն են բիբլիական Արարատի, որմէ, համաձայն Աստուածաշունչի, ջրհեղեղէն ետք կրկին սկիզբ առած է կեանքը երկրի վրայ: